2018-01-15 12:18:00

Խորհրդարանը Մարտ 2-ին Նախագահ պիտի ընտրէ․ Վահրամ Բաղդասարեան


Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը ՀՀ նախագահի թեկնածուի վերաբերեալ քննարկումներուն պիտի սկսի այս շաբաթ: Ազգային ժողովի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան:

«Այժմ թեկնածուներու անուններ դուք չէք կրնար իմանալ, որովհետեւ մենք այդ հարցի վերաբերեալ քննարկումներ դեռ չենք ծաւալած: Երբ մենք սկսինք քննարկումներուն այս շաբաթուան ընթացքին, պիտի ունենանք որոշում, բոլորդ այդ մասին պիտի իմանաք»,- «Երկիրմեդիա»-ի հաղորդմամբ՝ նշած է Բաղդասարեան:

Ան ընդգծած է, որ նախագահի ընտրութեան ժամանակահատուածը Փետրուար 28-էն Մարտ 10-ն է` աւելցնելով, որ ամենայն հաւանականութեամբ խորհրդարանին մէջ ՀՀ նախագահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 2-ին:

Հարցումին` յստակութիւ՞ն կայ վարչապետի թեկնածուի վերաբերեալ, Վահրամ Բաղդասարեան պատասխանած է, որ վարչապետի թեկնածու ներկայացնելէ առաջ պէտք է ներկայացնեն նախագահի թեկնածուն, որմէ ետք պիտի սկսին վարչապետի թեկնածուի վերաբերեալ քննարկումները: Ան նշած է, որ քննարկումներէ ետք որեւէ բան գաղտնի պիտի չմնայ, եւ բոլորը պիտի իմանան կայացուած որոշումներուն մասին:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի լիազօրութիւնները պիտի աւարտին 2018-ի Ապրիլ 9-ին: Մինչ այդ` նոր Սահմանադրութեամբ ՀՀ Ազգային ժողովը պէտք է ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը, իսկ Սերժ Սարգսեանի լիազօրութիւններու աւարտէն ետք կառավարութիւնը հրաժարական տայ: Ատկէ ետք  խորհրդարանը պէտք է ընտրէ վարչապետ, որ պիտի ձեւաւորէ նոր կառավարութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.