2018-01-14 10:06:00

Կիրակի 14 Յունուար 2018 - Առաջին կիրակի յետ Յայտնութեան


Կանայի Հարսանիքը (Յովհաննէս 2, 1-11) - Ըրէք ինչ որ հրամայէ ձեզի

Ամէն տարի դէպի Լուրտ ուխտագնացութիւն ընողներու համար նոր պատգամ մը կը տրուի։ Այս տարուան պատգամն է Աստուածածնայ հետեւեալ խօսքը, ուղղուած Կանայի հարսնիքի ծառայողներուն. Ըրէք ինչ որ հրամայէ ձեզի։

Այստեղ` մայրը, տեղեակ իր աստուածային Որդւոյն իշխանութենէն, հրահանգ կու տայ անոր խօսքը մտիկ ընել եւ հնազանդիլ անոր բոլոր ըսածներուն։ Մարիամ չի գիտեր թէ իր Որդին Յիսուս ինչ ձեւով հրաշք պիտի գործէ, բայց գիտէ թէ այդ հրաշքը տեղի պիտի ունենայ։ Այստեղ Մարիամ գրեթէ կը ստիպէ իր Որդին նեղի մատնուած հարսնեւորներու օգնութեան փութալու, կատարելով գերբնական նշան մը, հրաշք մը։

Մեզ կը զարմացնէ այն երեւոյթը որ մօր միջամտութիւնը աղաչական չէ, այլ հրամայական է. Ժամն է ահա ցոյց տալու աշխարհին քու իսկական ինքնութիւնդ, քու ամենակարող աստուածութիւնդ։ Իսկ երկրորդ զարմացական իրողութիւնն այն է թէ Յիսուս, թէեւ քիչ մը կը բողոքէ, սակայն էականին մէջ կը հնազանդի իր մօր հրամանին եւ կը կատարէ անոր խնդրանքը, ջուրը գինիի փոխելով։

Այս հրաշքին իմաստը շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ եթէ նկատի առնենք թէ Քրիստոսի գործած առաջին հրաշքն է եւ թէ ինքզինք աշխարհի յայտնելու առաջին մեծ քայլն է, նախ քան քարոզութիւնը։ Տակաւին մինչեւ այսօր կարելի է այցելել այն վայրը, Գալիլիոյ Կանա քաղաքին մէջ, որ վերածուած է եկեղեցիի եւ դարձած է ուխտատեղի բոլոր ամուսնացեալ զոյգերուն համար, որոնք հոն կ՛երթան նորոգելու իրենց ամուսնական խոստումները եւ ստանալու քահանային օրհնութիւնը իրենց զոյգին եւ բոլոր ընտանիքին համար։

Հարսնեւորներուն գինին բազմապատկելով` Յիսուս կ՚ուզէ օգնութեան հասնիլ բոլոր նոր զոյգերուն, որոնք ամուսնական կեանքի կը ձեռնարկեն, առանց գիտակցելու բոլոր այն դժուարութիւններուն որոնց առջեւ պիտի գտնուին ապագային, իրենց առաջին ուրախութիւններէն ետք։ Յուսախաբութիւնները, անհասկացողութիւնները, կեանքի զանազան դժուարութիւնները, եւ այլ պարագաներ պիտի գան սեւցնելու իրենց ուրախ ու փայլուն ապագան։

Սակայն Յիսուս անոնց կողքին է, քանի անոնք կը դիմեն իրեն եւ կը խնդրեն իր օգնութիւնը։ Իսկ Մարիամ` պատրաստ է միջամտելու երբոր հարկաւոր է, որպէսզի իր Որդին իրագործէ ու կատարելութեան հասցնէ անոնց առաջադրանքները, միշտ նոր շունչ եւ նոր եռանդ ներմուծելով հոն ուր կրակը մարած է։

Այն ջուրը որ հրաշքով գինի դարձաւ աւելի համեղ էր քան առաջին բնական գինին։ նոյնպէս ալ` Քրիստոսի շնորհած սրբարար շնորհքը, մեր առօրեայ կեանքին ընթացքին աւելի ազդեցիկ է քան առաջին շնորհատուչութիւնը, որովհետեւ կեանքի զանազան դժուարութիւնները մեզ աւելի կը տկարացնեն եւ աւելի ուժեղ շնորհքի կը կարօտինք վեր բարձրանալու համար մեր անկումներէն։

Գալով Մարիամի օգնութեան, մենք միշտ պէտք ունինք անոր հզօր միջամտութեան։ Միայն ինք կրնայ ընդունիլ մեզի համար այն բոլոր շնորհքները որոնք այլապէս անհնար կը թուին ըլլալ։ Երբեք դադրելու չենք Մարիամի աղօթելէ։ Հոգ չէ թէ օրական մէկ ողջոյն մը, կամ վարդարանի մէկ տուն մը աղօթենք, սակայն հաւատարիմ ըլլանք այդ աղօթքին, որպէսզի արժանանանք Քրիստոսի շնորհքներուն։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.