2018-01-13 11:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Չիլէ այցելութեան նախօրեակին, Սանթիակոյի մէջ եկեղեցիներու դէմ յարձակումներ


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապին, 16-էն – 18 յունուար 2018-ին , Չիլէ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, չորս ականուած հրթիռային ռումբեր ցնցած են Լատին Ամերիկիոյ երկիրը։ Մինչ՝ այլ երկու ռումբեր վնասազերծուած են ապահովական մարմնի անդամներուն կողմէ: Ականուած ռումբերուն նպատակն էր հարուածել Քրիստոսի  Փենալոլեն Վենեսետոր եւ Էմմանուէլ Ռեքոլեթա եկեղեցիները ինչպէս նաեւ Քրիստոսի Փոպրա սրբավայրն ու  Յիսուս Վարդապետ անուան ժողովրդապետութիւնը:

Տեղական լրատու գործակալութիւններու համաձայն,  Չիլէի  նախագահական ընտրութիւններու երբեմնի թեկնածու՝ Ռոքսանա Միրանտայի ղեկավարութեամբ, խումբ մը  բողոքողներ նպատակ ունէին  Պապական նուիրակի  պալատին դիմաց ցոյցեր կատարել, բողոքելու համար Ֆրանչիսկոս Պապի Չիլէ այցելութեան առթիւ պետութեան կողմէ կատարուած մեծ ծախսերուն համար:

Ի տես այս  խանգարումներուն եւ արարքներուն, Սանթիակոյի արքեպիսկոպոս՝ կարդինալ Ռիքարտօ Էզզաթի,  հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը  որուն մէջ դիտել տուաւ որ   բողոքողներուն արարքը   փոխանակ անմխիթարութիւն ստեղծելու, հաւատացեալներուն սիրտերը դրած են   յոյսի եւ սպասումի մէջ, հաստատելով թէ ամէնքը գիտակից են, թէ Քրիստոսի սէրը ամէն բան կը գերազանցէ:   

Արքեպիսկոպոսը ապա իր սրտի խոր ցաւը յայտնած է եկեղեցիներու դէմ իրագործուած  յարձակումներուն համար, նշելով թէ սոյն արարքները  կը հակազդեն   Ֆրանչիսկոս Պապի   այցելութենէն բխող  Չիլէ երկիրը խանդավառող խաղաղութեան հոգիին:

Նշենք թէ խումբ մը բողոքողներ կէս ժամուայ տեւողութեամբ գրաւած են նաեւ Չիլէի պապական պալատը որ պիտի հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս պապին նստավայրը։ Ապահովական մարմիններու միջամտութենէ  ետք, բողոքողները պալատէն դուրս վտարուած են ու անոնցմէ մի քանիները ձերբակալուած են։   








All the contents on this site are copyrighted ©.