2018-01-13 10:24:00

Գերմանիոյ մէջ համախոհական կառավարութեան կազմութեան շուրջ համաձայնութիւն


Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի գլխաւորած Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն-Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն դաշինքը նախնական համաձայնութիւն գոյացուցած է Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն գոյացնելու շուրջ:

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ կուսակցութիւններուն միջեւ վերջնական համաձայնութիւնը, սակայն, կախեալ պիտի ըլլայ շարք մը հարցերու լուծումէն:

Գերմանական մամուլը կը հաղորդէ, որ երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները կեդրոնացած են տուրքերու եւ գաղթի հարցերուն վրայ:

Մերքելի ղեկավարած դաշինքը սեպտեմբեր 2017-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ի վեր անկարող էր կառավարութիւն կազմելու:

Կառավարութեան կազմութեան այս հոլովոյթը յետպատերազմեան Գերմանիոյ մէջ ամէնէն երկարատեւն էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.