2018-01-12 08:12:00

ՄԱԿ. «Շուրջ 70 միլիոն մանուկներ կ՛ապրին մարդասիրական ճգնաժամերու գօտիներուն մէջ».


ՄԱԿ-ի կրթութեան հարցերով յատուկ դեսպան Կորտոն Պրաուն յայտարարած է, որ շուրջ 70 միլիոն մանուկներ կ՛ապրին մարդասիրական ճգնաժամերու գօտիներուն մէջ` զրկուած ըլլալով բնականոն կրթութիւն ստանալու կարելիութենէն, եւ յառաջիկային այդ թիւը պիտի աճի:

Ան յորդորած է կրկնապատկել միջազգային երկու հանգուցային ծրագիրներու` կրթութեան բնագաւառին մէջ համաշխարհային գործընկերութեան եւ «Կրթութիւնը չի կրնար սպասել» հիմնադրամի ֆինանսաւորումը: «Նոր տուեալները կը մատնանշեն, որ մարդասիրական ճգնաժամերու ծուղակին մէջ յայտնուած մանուկներուն թիւը հասած է մօտաւորապէս 70 միլիոնի: Այս թիւը պիտի շարունակէ աճիլ 2018 թուականին, ինչ որ պիտի յանգեցնէ միջոցներու աւելի մեծ անբաւարարութեան, որուն պատճառով աւելի մեծ թիւով երեխաներ պիտի ենթարկուին ճնշման եւ շահագործումի», ըսած է Պրաուն` ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Ըստ Պրաունի, մարդասիրական ճգնաժամերու գօտիներուն մէջ գտնուող 70 միլիոն մանուկներէն 32 միլիոնը ստիպողաբար լքած են իրենց տուները, իսկ անոնց 11 միլիոնը` փախչած այլ երկիրներ: Ան լոյսի տակ բերած է այն իրականութիւնը, որ սուրիացիները կը կազմեն աշխարհի մէջ գաղթականներու մեծամասնութիւնը (աւելի քան 2,6 միլիոն անձ), Աֆղանիստանէն եւ Հարաւային Սուտանէն սերած անձերը` համապատասխանաբար 1,2 միլիոն եւ 500 հազար հոգի, հաղորդած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.