2018-01-12 08:43:00

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած Հայրապետական սրբատառ կոնդակի ընթերցում


Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, կիրակի, 14 յունուար 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքի մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական սրբատառ կոնդակը:

Կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտելէ ետք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին համահայկական կարեւորութիւնը` կոչ կ՛ուղղէ.

– Մեր թեմերուն, Հանրապետական մաղթանքի կատարումով, հրապարակային հանդիսութիւններով եւ այլազան ծրագիրներու իրագործումով, հանդիսաւոր կերպով նշելու մեր ժամանակակից պատմութեան այս կարեւոր թուականը:

– Մեր կազմակերպութիւններուն, միասնական ոգիով ու ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ ու զանազան ձեռնարկներու ճամբով, արժեւորելու պատմական այս դէպքը հայ կեանքին մէջ:

– Մեր կրթական կառոյցներուն, հայակերտումի մեր ճիգին մէջ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտելու անկախութեան իմաստը` իբրեւ ամուր հիմքը մեր հայրենիքի հզօրութեան ու ազգին յաւերժութեան:

– Մեր մտաւորականներուն, աշխատասիրութիւններու եւ դասախօսութիւններու ճամբով վերլուծելու եւ վերարժեւորելու Ա. Հանրապետութեան դերը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, անկախութեան ոգիին ու տեսլականին արծարծ պահպանման եւ Հայաստանի երկրորդ անկախութեան ստեղծման մէջ:

– Հայ ժողովուրդի զաւակներուն, 100-ամեակին առիթով` կարդալով, լսելով ու զանազան ձեռնարկներու մասնակցելով, լայն ծանօթութիւն ունենալու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան մասին եւ անդրադառնալու անկախութեան եզակի կարեւորութեան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.