2018-01-12 08:56:00

ԱՄՆ Ատրպէյճանը ընդգրկած է ահաբեկչական վտանգ ունեցող երկիրներու շարքին


ԱՄՆ պետական բաժանմունքը, Յունուար 10-ին, ներկայացուցած է ճանապարհորդութիւններու անվտանգութեան մասին քաղաքացիներու իրազեկման նոր համակարգ, որուն մէջ աշխարհի բոլոր երկիրները բաշխուած են 4 աստիճանի: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է ատրպէյճանական ԱՊԱ լրատուական գործակալութիւնը:

Համակարգին մէջ, ԱՄՆ պետական բաժանմունքը Ատրպէյճանը ընդգրկած է ահաբեկչական վտանգ ընեցող եւ «զօրացած նախազգուշացումներով» երկիրներու շարքին, ուր խորհուրդ կը տրուի տեղեկացուած ըլլալու անվտանգութեան սպառնացող վտանգներուն մասին եւ խիստ զգուշութիւն պահպանելու:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ պետական բաժանմունքին ներկայացուցած համակարգին մէջ Հայաստանը ընդգրկուած է այն երկիրներու շարքին, ուր ԱՄՆ-էն ժամանած զբօսաշրջիկները կրնան հանգիստ ըլլալ` պահպանելով նախազգուշական տարրական միջոցները:








All the contents on this site are copyrighted ©.