2018-01-11 11:39:00

Լիբանան. Ամանորեան խրախճանք՝ ծերունի մամիկներուն եւ Պապիկներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 11 յունուար 2018-ին, Պուրճ Համուտի, Սուրբ Վարդանանց դպրոցին կից գտնուող Ազգային Առաջնորդարանի «Երզօ Սամուէլեան Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ համայնքի միջ-բարեսիրական  ժողովի մամիկներու եւ պապիկներու նուիրուած աւանդական ամանորեան խրախճանքի ձեռնակը՝  ներկայութեամբ Լիբանանի երեք Հայ  համայնքապետերուն՝ Սրբազան Շահէ Փանոսեանի,  Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի եւ պատուելի  Փոլ Հայտոսեանի  

Հայ Պապիկներու եւ տատիկներու  նուիրուած ամանորեան խրախճանքը  սկիզբ առաւ   գեղարուեստական յայտագիրով, որուն ընթացքին խումբ մը աշակերտներ հանդէս եկան պարերով, եգերով եւ թատրոնի բեմադրութեամբ:  

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք տեղի ունեցաւ աղօթք,  որմէ ետք երեք համայնքապետերը ներկաներուն  ուղղեցին իրենց սրտի խօսքը:

Արհիապատիւ  Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան իր արտասանած  պատգամին մէջ ըսաւ.

« Շատ սիրելի պապիկներ եւ տատիկներ,

Սովորամոլ աւանդութիւն մը չէ որ կը համախմբէ մեզ այս պահուս, այլ նուիրական պարտականութիւն մը կատարելու եւ մեր երախտագիտութիւնը արտայայտելու գիտակցութիւնը։

Արդարեւ, մենք անհատապէս եւ ազգովին պարտական ենք ձեզի  եւ երախտապարտ բոլոր այն զրկանքներուն ու զոհողութիւններուն համար զորս դուք յանձն առիք  երաշխաւորելու  համար  մեր գոյատեւումը ազգովին։ Դուք մեզի փոխանցեցիք  քրիստոնէական ու տոհմիկ այն արժէքները որոնք գրաւականը եղան մեր գոյատեւումին իբրեւ քրիստոնեայ եւ հայ։ Դուք մեզի սորվեցուցիք ապագային նայիլ սիրով ու լաւատեսութեամբ, մեզի սորվեցուցիք  հաւատալ եւ յուսալ։  Այդ քրիստոնէական ուսուցումներուն, հաւատքին եւ յոյսին  կենդանի օրինակը հանդիսացաք դուք ընտանիքներուն մէջ, որուն հիմնասիւները եղաք եւ այդ ընտանիքները դարձուցիք հիմնասիւները ազգին։

Այս բոլորին եւ դեռ շատ աւելիին համար ձեր յետնորդ սերունդները, մենք, երախտապարտ եւ պարտական ենք ձեզի։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը արժանի է իր հարազատներու, շրջապատի, ընկերութեան, համայնքի ու ազգի  սիրայօժար գուրգուրանքին։ Ձեր արդար ակնկալութիւնն է ասիկա։

Տարեվերջի տօնական օրերը, Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը  պարզապէս առիթներ են  մեզմէ իւրաքանչիւրին յիշեցնելու իր պարտաւորութիւնները ձեզի հանդէպ։ Թող տարեմուտի տօնակատարութիւնները հրաւէր մը ըլլան թարմացնելու այդ յիշողութիւնը եւ մղելու ձեր հարազատները, մեզ, չթերանալու  ձեզի հանդէպ մեր երախտագիտական պարտականութիւններուն մէջ,  արժանանալու համար ոչ միայն ձեր, այլ նաեւ բարեխնամ Աստուծոյ օրհնութեան»

Պապիկներու ամանորեան խրախճանքը  վերջ գտաւ կաղանդ պապուկի նուէրներու փոխանակումով եւ տարեցներու  կողմէ ներկայացուած փունջ մը երգերով:  








All the contents on this site are copyrighted ©.