2018-01-11 08:31:00

Գաղթականներու եւ ապաստանեալներու 104րդ Միջազգային օրը 14 յունուարին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 14 Յունուար 2018-ին, Յայտնութեան երկրորդ կիրակին, կը նշուի Գաղթականներու եւ փախստականներու 104րդ Միջազգային օրը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ 21 օգոստոս 2017-ին, հրապարակեց պատգամ մը որուն բնաբանն էր «ընկալել, Պաշտպանել, խթանել ու ներառել գաղթականները ու ապաստանեալները»։

Այս օրուան նախօրեակին՝ Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներու նախաձեռնութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը յիշատակուի «գաղթականութեան ազգային շաբաթը» որուն այս տարուայ նպատակն է՝ քրիստոնէական հասարակութիւններուն ուշադրութեան յանձնել՝ գաղթականութեան հարցը եւ Սուրբ  Գիրքի լոյսին տակ զանոնք դաստիարակել հիւրընկալութեան։

Այս առթիւ հրապարակուեցաւ նաեւ Միացեալ նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարդինալ Տի Նարտոյի պատգամը, որուն մէջ ան կը խրախուսէ կաթողիկէները՝ դրական կերպով նայելու գաղթականներուն երկիրն տուած օժանդակութեան, յիշեցնելով նաեւ Ամերիկացի ընտանիքներուն գաղթական ծագումը։

Վերյիշելով Քահանայապետին՝ Խաղաղութեան 2018-ի պատգամը, Կարդինալ Տի Նարտօ ընդգծեց թէ գաղթականները դատարկ ձեռքերով չեն գար, այլ իրենց հետ կը բերեն իրենց քաջութիւնը, իրենց ձիրքերը, իրենց ուժանիւթն ու ձգտումները, ինչպէս նաեւ իրենց մշակոյթի գանձերը ու այսպէսով՝ անոնք կարող են հարստացնել զիրենք հիւրընկալող երկիրներուն կեանքը։

Ծիրանաւորը հուսկ հրաւէր ուղղեց կիսելու գաղթականներուն  ճանապարհորդութիւնը՝ դէպի աւելի լաւ կեանք մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.