2018-01-10 10:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 Յունուարի հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Եւ Բանն մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ ու մենք տեսանք անոր փառքը զոր կ՛ընդունի Հօրմէն, իբրեւ Միածին Որդի, լի շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ…. Անոր լիութենէն մենք ամէնքս առինք շնորհք շնորհքի վրայ»։

Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած այս հատուածին վրայ հիմնուելով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 10 յունուար 2018-ի առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցող հրապարակային ընդհանուր  ունկնդրութեան ընթացքին, ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, որուն մէջ շարունակելով խօսիլ Սուրբ Պատարագի մասին անդրադարձաւ «Փառք քեզ Տէր» երգին եւ «աղօթքի հրաւէրին»։ 

«Սուրբ պատարագի մասին խորհրդածութիւններու  ընթացքին անդրադարձանք թէ Ապաշխարութեան ներգործութիւնը մեզ կ՛օգնէ մերկանալու մեր սնապարծութիւններէն ու Աստուծոյ ներկայանալու այնպէս ինչպէս որ ենք, գիտակից թէ մեղաւորներ ենք, յոյսով որ ներումը ընդունինք» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ   «մարդկային թշուառութեան ու աստուածային ողորմութեան միջեւ հանդիպումէն՝ կեանք կ՛առնէ երախտագիտութիւնը որ արտայայտուած է «Փառք քեզ Տէր» երգին մէջ։

Երգը կը սկսի Բեթղեհէմի մէջ Յիսուսի Ծննդեան օրը, Հրեշտակներուն  երգած խօսքերով՝ Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն ու մարդիկ հաճութիւն։

«Այս երգը որ (ըստ լատինաց) կ՛երգեցուի կիրակի ու տօնական օրերուն, բացի յիսնակացի եւ քառասնորդացի շրջանին, կարելի է համարել որպէս բացուածք երկրին դէպի երկինք» – ըսաւ Քահանայապետը  ապա նշեց թէ Փառք քեզ Տէր երգի տեղ կը գործածուի նաեւ «աղօթքի հրաւէրը» որով Քահանան հաւատացեալները կը հրաւիրէ պահ մը ամփոփուելու լռութեան մէջ եւ ամէն մին իր սրտին դիտաւորութիւնները կը յանձնէ Աստուծոյ որպէս մասնակցութիւն սուրբ զոհին.

«Լռութիւնը պարզապէս խօսքերու պակաս չէ» ըսաւ Քահանայապետը այլ՝ «ունակ ըլլալ ունկնդրելու այլ ձայներ, մեր սրտին ձայնը ու յատկապէս Սուրբ Հոգիին ձայնը»։

Սուրբ Զոհի ընթացքին լռութիւնը կ՛օգնէ ամփոփուելու ու Աւետարանական հատուածի ընթերցումէն ու քարոզէն ետք  հրաւէր մըն է խոկալու, մինչ Սուրբ հաղորդութենէն ետք լռութիւնը պահն է փառաբանութեան։ Լռութիւնը մեզ կ՛օգնէ նաեւ մտածելու թէ ինչու կը գտնուինք այդ վայրին մէջ, ու մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու արարողութեան վրայ որուն ընթացքին Տիրոջմէ կը հայցենք օգնութիւն, մօտիկութիւն, մեր ընտանեկան պարագաներուն համար առողջութիւն, անոր յանձնելով նաեւ Եկեղեցւոյ ու աշխարհի ճակատագիրը, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու թելադրեց քահանաներուն այդ լռութեան պահը անպայման պահել, որմէ ետք քահանան գոհաբանական աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, որուն մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Անոր մեզի պարգեւած բարիքներուն համար, մինչ աղօթքի երկրորդ մասին մէջ կ՛աղերսէ որպէսզի մեր օգնութեան հասնի։

Քահանան այդ աղօթքը կը կատարէ բազկատարած, նման Խաչեցեալ Քրիստոսին։ «Խաչին մէջ արդարեւ մենք կը ճանչնանք Քահանան որ Աստուծոյ կը նուիրէ իրեն հաճելի զոհը՝ այսինքն որդիական հնազանդութիւնը» յարեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով հաւատացեալները, խոկալու այդ աղօթքներու իմաստին վրայ, նոյնիսկ պատարագէն դուրս, որպէսզի սորվինք, ըսաւ Ան, ի՞նչպէս դիմել Աստուծոյ, ի՞նչ խնդրել, ո՞ր բառերը օգտագործել ապա մղթանք յայտնեց որ ծիսակատարութիւնը բոլորին համար դառնայ աղօթքի դպրոց մը։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները, յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն։ Երիտասարդները խրախուսելով Քրիստոսի սէրը տանիլ իրենց հասակակիցներուն, հիւանդներուն յորդորեց Աստուծոյ քնքշութեան մէջ գտնել իրենց ցաւերուն սփոփում եւ նորապսակները հրաւիրեց՝ իրենց հաւատարիմ սիրոյ միջոցաւ՝  ըլլալ Սուրբ Պսակի խորհուրդի գեղեցկութեան վկաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.