2018-01-10 08:31:00

Երգ, պար, ցուցահանդէս. Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր կ՝իրականացուին


Արցախի Հանրապետութեան տարբեր քաղաքներու հետ բարեկամութեան համաձայնագիրներ կնքած ֆրանսական քաղաքներու մէջ կ՝իրականացուին մշակութային բազմապիսի ձեռնարկներ: Անոնք կ՝իրականացուին Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրերու ծիրէն ներս: Հերթը Մարսէյլի Լէ Բեն Միրապօ քաղաքինն է, որ այս օրերուն լեցուած է արցախեան մշակոյթի շունչով: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Մարսէյլ, նշած է, որ կ՝իրականացուի բաւական յագեցած ծրագիր:

«Կայացաւ ֆրանսահայ իրաւաբան Ժիրայր Կերկերեանի «Լեռնային Ղարաբաղ. Անջատման եւ ինքնորոշման միջեւ» գիրքին շնորհանդէսն ու քննարկումը: Մասնակցած եմ նաեւ ես, ներկայացուցած եմ Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտութեան պատմութիւնը, ներկայ իրավիճակը, Արցախի պետական հիմնարկներու առանձնայատկութիւնները եւ տնտեսական յաջողութիւնները»,- ըսած է Արտակ Բեգլարեան:

Գիրքի ներկայացման զուգահեռ կազմակերպուած է ֆրանսացի լուսանկարիչի աշխատանքներու ցուցահանդէս ` արցախեան թեմայով: Ցուցահանդէսին ներկայ եղած է քաղաքապետը` իր աշխատակազմով, մարզային ծերակուտական, Ֆրանսայի մէջ ԱՀ ներկայացուցիչը, հիւրեր, տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Լէ Բեն Միրապօ քաղաքին մէջ ձեռնարկներուն մեկնարկը տրուած է Յունուար 6­ին, երբ կազմակերպուած է ընդունելութիւն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու, Ֆրանսայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւորներու, տարբեր գործիչներու մասնակցութեամբ: Հայկական երգ ու պարը ներկայացուցած է Փարիզէն հրաւիրուած հայկական մշակութային խումբը: Արտակ Բեգլարեան տեղեկացուցած է, որ կը նախատեսէ հանդիպիլ տեղի հայ համայնքի եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն, որոնց հետ պիտի քննարկէ համագործակցութեան շարք մը ծրագիրներ:

Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրերու ձեռնարկներուն մեկնարկը տրուած էր Նոյեմբերին, երբ Արցախի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած էր Ֆրանսա:








All the contents on this site are copyrighted ©.