2018-01-09 12:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 9 յունուարի քարոզը. «հովիւներու երկդիմի կեանքը եկեղեցւոյ համար վէրք մըն է»


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 9 յունուար, 2018-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, մեկնաբանելով օրուան աեւտարանական ընթերցումը, ներկայացուց խորհրդածութիւն մը որուն մէջ անդրադարձաւ հովիւի յատկանիշներուն.  յուզում, մօտիկութիւն եւ ներդաշնակութիւն:

Մատնանշելով այսօրուան աւետարանին՝ քաղուած  Մարկոս աւետարանիչէն,  ուր Յիսուս կ'ուսուցանէր որպէս «իշխանութիւն ունեցող» մէկը,  Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ որ Յիսուսի ուսուցումը նոր ուսուցում մըն է, աւելցնելով որ Քրիստոսի նորութիւնը Աստուծմէ ստացած իւրայատուկ իշխանութեան պարգեւն է, ուսուցում մը որ  զմայլանք կը պատճառէ եւ մարդուն սիրտը կը շարժէ, որովհետեւ ինչ որ իշխանութիւն կու տայ Յիսուսին,  Անոր ժողովուրդին մօտիկ ըլլալն է, ժողովուրդին ցաւերը, հարցերն ու մեղքերը հասկնալն է:  

Անդրանալով հոգեւոր հովիններուն, Նորին Սրբութիւնը  նկատել տուաւ,  որ ինչ որ հովիւին իշխանութիւն կու տայ՝ տրուած Աստուծմէ, մօտիկութիւնն է:  Մօտիկութիւն Աստուծոյ հանդէպ՝ աղօթքի միջոցաւ,  եւ այն հովիւը որ չ'աղօթեր եւ Աստուած չի փնտռեր,  կը կորսնցնէ  ժողովուրդին մօտիկ ըլլալը, ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ Հովիւ մը որ բաժնուած է ժողովուրդէն, կարող չէ պատգամը փոխանցել :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  զգուշացուց  հովիւները  երկդիմի կեանքէն- որովհետեւ այս մէկը եկեղեցւոյ մէջ վէրք կը համարուի, ըսաւ Ան,  Աստուծմէ եւ ժողովուրդէն հեռու  գտնուող հովիւներուն, յորդորելով չկորսնցնել իրենց յոյսը՝ որովհետեւ «Աստուած միշտ նոր կարելիութիւն մը կը շնորհէ մեզի» հաստատեց  Ֆրանչիսկոս Պապ որ քարոզը եզրափակեց դարձեալ ընդգծելով որ իշխանութիւնը Աստուծմէ կու գայ եւ Յիսուս զայն կու տայ իրեններուն: Իշխանութիւն խօսելու՝ որ կու գայ Աստուծոյ եւ ժողովուրդին մօտիկութենէն, ու միշտ երկուքը միասին: Իշխանութիւն որ է հետեւողականութիւն եւ ոչ երկդիմի կեանք: «Եթէ Հովիւը կորսնցնէ այդ իշխանութիւնը կը կորսնցնէ նաեւ յոյսը» ըսաւ Քահանայապետը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.