2018-01-09 08:56:00

Յորդանանի գաղտնի սպասարկութիւնը կանխարգիլած է ահաբեկչական ծրագիր մը


Յորդանանի գաղտնի սպասարկութիւնը յայտարարեց, որ նոյեմբեր 2017-ին կանխարգիլած է ՏԱՀԵՇ-ի մէկ ծրագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ յորդանանեան «Փեթրա» լրատու գործակալութիւնը:

Յորդանանեան իշխանութիւնները յայտնեցին, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ Յորդանանի ապահովութիւնը քայքայելու նպատակով միաժամանակ քանի մը ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրած են` աւելցնելով, որ ձերբակալուած են ՏԱՀԵՇ-ի 17 անդամներ, ինչպէս նաեւ` գրաւուած զէնքեր եւ պայթուցիկ նիւթեր:

Յորդանանեան իշխանութիւնները նաեւ նշեցին, որ ահաբեկիչներու թիրախներուն շարքին էին ապահովական ու զինուորական կեդրոններ, առեւտրական կեդրոններ, լրատուամիջոցներ եւ կրօնաւորներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.