2018-01-07 12:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 7 Յունուարի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 7 Յունուար 2018-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ խորհրդածութին մը զոր կեդրոնացուց օրուան տօնի նշանակութեան վրայ ՝ Յիսուսի Մկրտութեան տօնը։

Այսօրուայ տօնը, ըսաւ Քահանայապետը մեզ կը հրաւիրէ մտածելու մեր մկրտութեան մասին ու ակնարկեց Յիսուսի՝ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչէն ընդունած մկրտութեան, հաստատելով թէ Յիսուսի խոնարհութիւնն է որ զինք կը մղէ այդ արարքը կատարելու, որովհետեւ Ինք մեղաւոր մը չէր ու կարիքը չունէր մկրտութեան։ Սակայն Ան ուզեց մխրճուիլ մարդկութեան գետին մէջ, ու իր վրայ առնել մարդոց դերութիւններն ու տկարութիւնները, ինչպէս նաեւ մարդուն ճակատագիրը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու մեկնաբանեց օրուան աւետարանական հատուածը, որ ինչպէս նշեցինք, կը խօսէր Յիսուսի մկրտութեան դէպքի մասին, հաստատելով թէ «Յիսուսի մկրտութեան տօնը կը հրաւիրէ ամէն մէկ քրիստոնեայ՝ մտածելու իր մկրտութեան, զայն համարելով շարունակուող իրողութիւն մը եւ ոչ թէ անցեալի ու մոռացումի ենթարկուելիք խորհուրդ մը։

Սուրբ Մկրտութեան շնորհիւ մենք զգեցանք նոր մարդը ու կարող դարձանք ներելու եւ սիրելու մեզի դէմ չարիք գործողները, անոր միջոցաւ կարող ենք յետիններուն ու աղքատներուն մէջ տեսնել Տիորջ դիմագիծը. Այդ օր մենք ընդունեցանք հաւատացեալի ինքնագիրը, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանին, որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները կարողանան միշտ աւելիով հասկնալ Մկրտութեան խորհուրդի պարգեւը ու յանձնառու ըլլան զայն ապրելու հետեւողականութեամբ, վկայելով Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյ սէրը։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները մատնանշելով առաւօտեան նախագահած սուրբ մկրտութեան խորհուրդի արարողութեան ու մկրտեալներուն վրայ ինչպէս նաեւ անոնց ծնողաց վրայ հայցեց Աստուածամօր Մայրական հովանին, հուսկ բոլորին մաղթեց նոր սկիզբ առած տարւոյն համար՝  բարի երթ, ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.