2018-01-07 10:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապ 34 նորածիններու մատակարարեց Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի՝ 7 Յունուարի առաւօտեան, 1991 թուականէն սկիզբ առած աւանդութեան համաձայն, Աստուածայայտնութեան տօնը յաջորդող առաջին կիրակի օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի աշխարհահռչակ Սիքստինեան մատրան մէջ՝ 34 նորածիններուն՝ (18 մանչ եւ 16 աղջիկ), մատակարարեց Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։

Արարողութեան սկիզբը Նորին Սրբութիւնը՝ մկրտեալներու ծնողներուն ու կնքահայրերուն նախ հարցուց թէ Ի՞նչ անուն կ՛ուզեն տալ իրենց մանուկներուն, ապա հարց տուաւ թէ Ի՞նչ կը խնդրեն Աստուծոյ Եկեղեցիէն իրենց մանուկներուն համար եւ անոնց միաձայն պատասխանին՝ «Հաւատք», Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ծնողներն ու կնքահայրերն ու կնքամայրերը, յանձնառու ըլլալու եւ իրենց զաւակները  դաստիարակելու հաւատքի մէջ, որպէսզի՝ յարգելով Աստուծոյ պատուիրանները, սորվին սիրել զԱստուած եւ մերձաւորը, այնպէս ինչպէս Քրիստոսը մեզի սորվեցուց, ապա հրաւիրեց մօտենալ իրեն ու միասնաբար խաչակնքել մանուկները, ըսելով «սիրելի մանուկներ Աստուծոյ եկեղեցին ձեզ կ՛ընկալէ մեծ ուրախութեամբ» ու սկիզբ տուաւ սուրբ զոհին։

Սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց յաւուր պատշաճի քարոզը որմէ ետք տեղի ունեցաւ Սուրբ Մկրտութեան արարողութիւնը։

Սրտաբուխ արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. սիրելի ծնողներ դուք  ձեր զաւակները բերած էք սուրբ մկրտութիւնը ընդունելու համար, դիտել տալով թէ այս մէկը առաջին քայլն է, որ մաս կը կազմէ այն պարտականութեան որ վստահուած է անոնց եւ որ հաւատքի փոխանցման պարտականութիւնն է։

«Այս պարտականութիւնը Սուրբ Հոգիին շնորհքն է» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ հաւատքի փոխանցումը կարելի է միայն բարբառներու միջոցաւ, ընտանիքի բարբառը, հօր, մօր, մեծ հօր ու մեծմօր բարբառը, որ եթէ պակսի, եթէ ծնողները չի խօսին սիրոյ լեզուն, այդ փոխանցումը դժուար կը դառնայ, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը թելադրելով ի միտ պահել այս խրատը, ապա մատնանշեց մանուկներու բարբարին, պոռոցն ու լացը, մատնանշելով թէ « Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու մանուկներու նման»,  օգտագործել անոնց լեզուն որ հաճելի է Յիսուսին։ «Ձեզ աղօթքը թող ըլլայ  պարզ՝ մանուկներու աղօթքի նման» յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու դարձեալ շեշտելով բարբարի կարեւորութիւնը, հրաւիրեց շարունակել արարողութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.