2018-01-05 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 5 յունուարի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ հինգ  Յունուար 2018-ին Աստուածայայտնութեան տօնի նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր առօրեայ գործունէութիւնն ու պաշտօնական հանդիպումները սկսաւ առաւօտեան 10.30-ին, ընդունելով Սուրբ Աթոռի մօտ Լիբանանի նորանշանակ դեսպան՝ Տիար Անթոնիօ Ռայմոնտ Անտարի, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յաջորդաբար ընդունեց Գերապայծառ Վինչենցօ Փալիան, Կեանքի Քահանայապետական ակադեմիայի նախագահ, գերապայծառ Ճանպաթթիսթա Տիքուաթրօ, Հնդկաստանի մէջ առաքելական նուիրակ, հուսկ Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց  Իտալացի Կաթողիկէ ուսուցիչներու ընկերակցութեան անդամներուն։

Կէսօրէն ետք ժամը 2.30-ին Սրբազան Քահանայապետը ինքնաշարժող կը փոխադրուի «Փալիտորօ» այցելութիւն տալու «Մանուկ Յիսուս» Մանկաբուժարանին ու այնտեղ խնամուած մանուկներուն։

Իտալացի Կաթողիկէ ուսուցիչներու ընկերակցութեան անդամներուն շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղեց ճառ մը որուն մէջ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն անոնց առաջարկեց խորհրդածութեան ու յանձնառումի երեք կէտեր. Հանդիպումի մշակոյթը, ընտանիք դպրոցի միջեւ դաշինք ու բնապահպանութեան կրթութիւն. Ինչպէս նաեւ քաջալերանք ընկերակցութեան կեանքը ապրելու - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց՝ Եկեղեցւոյ տուած սատարին, յատկապէս խթանելով հանդիպման մշակոյթը, ապա քաջալերեց զանոնք շարունակելու այդ մէկը կատարել աւելի ազդու կերպով, դիտել տալով թէ այս մշակութային մարտահրաւէրին համար վճռական են հիմքերը՝ որոնք կը տեղադրուին մանուկներու նախակրթական տարիներու ընթացքին։

«Քրիստոնեայ ուսուցիչները կանչուած են աշակերտներուն մէջ հրահրել ուրիշի նկատմամբ բացուածքը, ուրիշը նկատելով դիմագիծ մը, անձ մը, եղբայր կամ քոյր մը, որ պէտք է ճանչնալ ու յարգել, ճանչնալով ու յարգելով նաեւ անոր պատմութիւնը, անոր դերութիւններն ու արժանիքները, անոր հարստութիւններն ու սահմանափակումները։ Հարկաւոր է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, պատանիներուն երաշխաւորել կազմաւորում, որ զանոնք մղէ հետաքրքրուելու իրենց շրջանակով, ըլլան ազատ որեւէ նախապաշարումէ ու չ՛ազդուին տարածուած տարակարծիքներէ, այս ուղղութեամբ հարկաւոր նկատելով ծնողներուն հետ դաշինք մը ՝ կրթական դաշինք դպրոց ընտանիքի միջեւ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ այսօր այդ դաշինքը մեծ տագնապի մէջ է, ըլլայ դպրոցի ըլլայ ընտանեկան կառոյցի ապրած յեղաշրջումներուն համար  ու այս առընչութեամբ հարկաւոր նկատեց վերանորոգել կառուցողական համագործակցութիւն մը՝ ի նպաստ մանուկներու բարիքին, դիմելով նաեւ  մանկավարժութեան ասպարէզի մասնագէտներուն։

Սրբազան Հայրը թելադրեց նաեւ ծնողներու եւ ուսուցիչներու միջեւ յառաջացնել նոր «մեղսակցութիւն», աշխատելով կողք կողքի եւ ոչ թէ մէկը միւսին հակառակ, հասկնալով մէկը միւսին ապրած դժուարութիւնները ու իրար միջեւ ստեղծելով զօրակցութեան հոգի։ 

Ի վերջոյ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ երրորդ կէտի մասին. «բնապահպանական կրթութիւն»։ «Բաւարար չէ միայն նկատումներ կատարել այդ մասին այլ հարկաւոր է կրթել ու ներկայացնել  կեանքի ապրելակերպ մը՝ հիմնուած մեր հասարակաց տան՝ արարչութեան խնամքի վրայ» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ բնապահպանութիւնը զոր պէտք է դաստիարակել, ըլլալու է համապարփակ ու յատկապէս պէտք է մղէ պատասխանատուութեան հոգիի։ Վարուելակերպ մը որ քրիստոնէական հեռանկարով իր իմաստը կը գնտէ Արարիչ ու Փրկիչ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ,  Յիսուս Քրիստոսի մէջ որ է պատմութեան ու մոլորակի կեդրոնը, ինչպէս  նաեւ Սուրբ Հոգիին մէջ որ է ներդաշնակութեան աղբիւր - յարեց Սրբազան Քահանայապետը որ Ճառին աւարտին  ակնարկեց նաեւ ընկերակցութեան կեանքի մասին հրաւիրելով ներկաները ընկերակցութեան կեանքը ապրելու ներշնչուելով ոգեշնչով սկզբունքներուն եւ ուշադիր ըլլալով ժամանակի նշաններուն ու բաց հայեացք ունենալով ընկերային ու մշակութային հորիզոններուն։

«Ընկերակցութիւն կազմելը արժէք ու պատասխանատուութիւն» է ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաւիրելով ներկաները աւետարանական հոգիով՝ քաջութեամբ եւ անկեղծութեամբ դիմագրաւելու ներքին ու արտաքին հարցերը ու միշտ փնտռելով ընկերակցութեան բարիքը, հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ու անոնց շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.