2018-01-04 08:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսի Յայտնութեան տօնին առթիւ գլխաւորելիք արարողութիւնները։


 (Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ՝ 6 Յունուար 2018-ին կը նշուի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութեան ու Յայտնութեան տօնը։ Նոյն օրը կը նշուի նաեւ պատանիներու միսիոներական օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Նայուած Սէրէն» եւ որուն նպատակն է պատանիներու մէջ վերանորոգել յանձնառումը աւետարանը տարածելու իրենց կեանքի ապրումով։

Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Մկրտութեան ու Յայտնութեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որմէ ետք ապա կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Յիսուսի Յայտնութեան տօնին առթիւ, սովորութիւն է նաեւ յիշատակել մոգերու ժամանումը մսուր։ Այս յիշատակումը տեղի պիտի ունենայ «Վիա Տէլլա Քոնչիլիացիոնէ» պողոտայի երկայնքին կազմակերպուած յատուկ մէկ աւանդական նախաձեռնութեամբ, որուն ամէն տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, Իտալիոյ զանազան քաղաքապետարաններու պատուիրակութիւններ, որոնք աւանդական իրենց զգեստներով կ՛ ուղղուին դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի մսուրը, առաջնորդութեամբ ձիերու վրայ նստած  մոգերը ներկայացնող դերասաններու, որոնք Ֆրանչիսկոս Պապին կը տանին յայտնութեան տօնը խորհրդանշող նուէրներ։

Իսկ երկրորդ օրը՝ Կիրակի 7 Յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ, աւանդութեան համաձայն, Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ կը գլխաւորէ սուրբ մկրտութեան խորհուրդը, զայն մատակարարելով նորածին մանուկներու,  որուն աւարտին միշտ իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Նշենք թէ Սրբազան Քահանայապետը՝ Յիսուսի Յայտնութեան եւ Մկրտութեան տօնին նախօրեակին, յատուկ այցելութիւն կը կատարէ «Մանուկ Յիսուս» մանկաբուժարան, հանդիպելու համար այնտեղ խնամուած մանուկներուն, անոնց տանելով նաեւ փոքրիկ նուէրներ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.