2018-01-04 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 4 յունուարի թուիթը: «Աստուած մանուկ դարձաւ՝ մարդուն մօտիկ գտնուելու համար:


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 4 յունուար 2018-ին, ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ դարձեալ անդրադառնալով Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան, ընդգծեց թէ Աստուած մարդեղութեամբ ուզեց իր անհուն քնքշութիւնը ցուցաբերել մարդուն։  

 «Աստուած Մանուկ դարձաւ, մօտիկ ըլլալու համար ամէն ժամանակի մարդուն, անոր ցուցաբերելով Իր անհուն քնքշութիւնը»:  գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ այսօրուայ հրապարակած թուիթին մէջ,  մինչ երէկ՝ Չորեքշաբթի 3 յունուար 2018-ին, մեր Տիրոջ Յիսուսի Սուրբ Անուան տօնին առթիւ հրապարակած թուիթին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  ընդգծեց թէ «խաղաղութիւնը կարելի է՝ եթէ մենք զայն վկայենք Յիսուսի անունով»։

«Յիսուսի անունով մենք կարող ենք մեր վկայութեամբ բացայայտել թէ խաղաղութիւնը կարելի է» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.