2018-01-04 09:48:00

Պայթում Վիեթնամի մէջ՝ կան երկու զոհեր։


Վիեթնամի մայրաքաղաք Հանոյի մօտ գտնուող բնակելի թաղամասի մը մէջ տեղի ունեցած է պայթում մը, որուն պատճառով մահացած են երկու երեխաներ եւ վիրաւորուած վեց չափահասներ: Այս մասին կը հաղորդէ վիեթնամեան «Վնէքսփրես» օրաթերթը:

Աղբիւրին ունեցած տուեալներուն համաձայն, դէպքը տեղի ունեցած է երէկ առաւօտեան` Պանքին գաւառի բնակելի թաղամասին մէջ, որուն բնակիչները կը զբաղէին ջարդօն հաւաքելով:

Գաւառի վարչակազմին հաղորդումով` տեղի ունեցած է անծանօթ պայթուցիկ նիւթերու պայթում, որուն զոհ գացած են 1 եւ 5 տարեկան երեխաներ:

Կը նշուի, որ պայթումին պատճառով աւերուած է մօտակայքը գտնուող հինգ տուն. որոշ տուներու տանիքներ փլուզուած են:

Դէպքի վայր փութացած են փրկարարներ, ոստիկաններ եւ զինուորներ








All the contents on this site are copyrighted ©.