2018-01-04 08:06:00

Ճրագալոյց, Նախատօնակ. Յունուարի 5ը նախատօնակ է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։


Մեծ տօներէն առաջ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի նախատօնակը, ճրագալոյցը։ Գրիգոր Տաթեւացի հետեւեալ տողերով կը բացատրէ ճրակագլոյցի տօնը։

«Հինգ Յունուարի գիշերը կը սկսինք մեր Աստուծոյ Քրիստոսի Ծննդեան նաւակատիք եւ նախատօնակ կատարել։ Ոչ թէ այսօր աւետումի տօնը կը կատարենք, ինչպէս կʼըսեն հերձուածողները, որովհետեւ աւետումի տօնը ինը ամիս առաջ էր եւ կատարուեցաւ ապրիլի եօթին։ Իսկ այս օրը կը տօնենք չորս պատճառով։ Նախ՝ որպէսզի նախատօնակ կատարենք Քրիստոսի ծննդեան, ինչպէս Աւագ Շաբաթ՝ Քրիստոսի յարութեան օրը։ Երկրորդ՝ որովհետեւ Ադամ մարգարէացաւ Քրիստոսի գալստեան մասին, կոչելով կինը՝ մայր բոլոր կենդանիներուն, որ կիներու մէջ ամենօրհնեալն է՝ Սուրբ Աստուածածին Կոյս Մարիամը։ Նոյնպէս եւ այլ մարգարէներ, որովհետեւ Գեդէոն տեսաւ իմանալի գեղմը եւ ցօղը. եւ ահա Քրիստոսէ առաջ կատարուած մարգարէներու գուշակումները կը պատրաստէին Սուրբ Կոյսը։

Քրիստոսի ծնունդը գիշերուան մէջ է, եւ մկրտութիւնը՝ ցերեկը։ Երեկոյեան պատարագը ծննդեան համար է, եւ առաւօտեանը՝ մկրտութեան համար։ Եւ դարձեալ, Քրիստոսի ծնունդը կրկին է. մէկը՝ Հօրմէ, յաւիտենականութենէ առաջ, ծածուկ եւ անգիտելի՝ հրեշտակներու եւ մարդոց, որուն խորհրդանիշն է գիշերուան պատարագը. եւ միւսը՝ ծնունդը մօրմէ, ժամանակին յայտնուած հրեշտակներու եւ մարդոց, ինչպէս հովիւները միացած հրեշտակներուն կը փառաւորէին, զոր կը խորհրդանշէ առաւօտեան պատարագը։ Որովեհեւ կոյսէն ծնունդ առնելով՝ մեզի առաւօտ եղաւ, եւ աշխահի լոյս ծագեց։ Իսկ այս օրուան անունը ճրագալոյս կը կոչուի, կամ ճրագալոյծ, կամ ճրագալոյց։ Ճրագալոյցը այն է, որ կանթեղ եւ ճրագ կը վառենք եւ երեկոյեան պատարագ կը մատուցանենք։ Իսկ ճրագալոյծը այն է, որ երեկոյեան ճրագով կը լուծենք պահքը։ Իսկ ճրագալոյսը, շատ իմաստներ ունի։ Նախ, թէ Տէրը իմանալի լոյս է, որ ծագեցաւ աշխարհի ինչպէս ինք ըսաւ՝ ʼես եկայ իբր լոյս աշխարհիʼ։ Երկրորդ՝ ճրագալոյս կը նշանակէ աստղին լոյսը, որ առաջնորդեց մոգերը, եւ մտնելով այրին մէջ կանգնեցաւ ուր էր մանուկը, եւ ասոր համար այս գիշեր շատ մոմեր վառելով եկեղեցի կը մտնենք։ Երրորդ, կը թարգմանուի իբր ժամանակաւոր լոյսը, որ կը նշանակէ Յովհաննէս Մկրտիչը, ինչպէս Տէրը ըսաւ՝ ʼան վառեալ ճրագն էր, եւ դուք ժամանակ մը անոր լոյսին մէջ ուրախացաքʼ։ Չորրորդ՝ ճրագալոյսը կը թարգմանուի աղօտ ծագումը, որ կը նշանակէ մարգարէները, որ Յովհաննէսէն առաջ էին. որովհետեւ անոնք տեսիլքի եւ երազներու մէջ ճանչցան եւ իմացան Քրիստոսի գալուստը։

Հինգերորդ՝ ճրագալոյսը կը թարգմանուի մեծ աւետիս. որ կը նշէ հին օրէնքին, որ տրուեցաւ անկատարներուն, ինչպէս կʼըսէ Դաւիթ՝ ʼՔու խօսքերդ ճրագ են իմ ոտքերուս, եւ լոյս կու տան իմ շաւիղներուսʼ։ Որովհետեւ օրէնքը կը նշէր մեծ աւետիսին՝ որ տրուեցաւ կատարեալներուն։ Վեցերորդ՝ ինչպէս կʼըսէ Աստուածաբանը (Գրիգոր) թէ այսօր կարապետ եւ նախատօնակ է վաղուան՝ մեծ լոյսի ծագման։ Ինչպէս թագաւորի գալստեան, սիրելիները կʼուրախանան նախ աւետիսի հռչակով, եւ պատրաստութիւն կը տեսնեն եւ ջահերով ընդառաջ կʼելլեն։ Նոյնպէս եւ մենք ալ նախատօնակ եւ ճրագալոյց կը կատարենք Քրիստոսի ծննդեան եւ յայտնութեան, որուն վաղը պիտի հանդիպինք։»








All the contents on this site are copyrighted ©.