2018-01-04 07:45:00

Ահաբեկչական արարքներու վտանգին հանդերձ Ղպտիները պիտի տօնեն Սուրբ Ծնունդը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ղպտիներու Թաուատրոս Բ Պատրիարքը հաստատած է թէ անցեալ 29 դեկտեմբերին, Գահիրէի հարաւը գտնուող Հալուան շրջանին մէջ, Մար Մինա եկեղեցւոյ դէմ ահաբեկչական յարձակումին հանդերձ, յառաջիկայ 7 Յունուար 2018-ին պիտի տօնուի Ղպտի Եկեղեցւոյ Ծննդեան տօնը։

Ղպտիներու հովուապետը «Ալ Մասրի Ալ Եաում» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին նշած է թէ Սուրբ Ծննդեան տօներու արարողութիւնները կանոնաւոր կերպով պիտի կատարուին բոլոր Ղպտի եկեղեցիներուն մէջ, սկսեալ Քրիստոսի Ծննդեան նուիրուած աթոռանիստս նորակառոյց Եկեղեցիէն, որ Ղպտի եկեղեցիներու Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցին կը համարուի եւ որուն բացումը պիտի կատարէ նոյնինքն Թաուատրոս պատրիարքը՝ 6 յունուարի գիշերը՝ ի ներկայութեան Ալ Սիսի նախագահին ու այլ բարձրաստիճան իշխանութիւններու։

Այս առթիւ ամրապնդուած են անվտանգութիւնը ապահովող ձեռնարկները, սկսեալ եկեղեցիներու մուտքին «Metal detector» ներու զետեղումներով, մինչ եպիսկոպոսները հաւատացեալներէն խնդրած են համագործակցութիւն ցուցաբերել ապահովական ուժերուն։

Եգիպտական իշխանութիւնը այս առթիւ տրամադրած է 230 հազար զինուոր, պաշտպանելու համար երկրի քրիստոնեայ 2.626 եկեղեցիները, որոնց 1326-ն կը պատկանի Ղպտի եկեղեցւոյ, 1200 բողոքականներուն եւ 200-ը կաթողիկէ են, որոնց շարքին են նաեւ երկու հայ կաթողիկէ եկեղեցիներ՝ Աւետման եկեղեցին եւ Սրբուհի Թերեզային նուիրուած եկեղեցին։

Յայտնենք թէ Ղպտի համայնքը եգիպտոսի ամենահին համայնքն է ու կը   կը ներկայացնէ Եգիպտոսի բնակչութեան 10 առ հարիւրը։ Անոնք «Ղպտի»՝ կոչուած են Եգիպտոսը արշաւող արաբներու կողմէ եւ տակաւին նոյն անունը կը կրեն մինչեւ օրս։ Ղպտի ծէսը կը գործածէ հին եգիպտական լեզուն եւ արաբերէնը: 








All the contents on this site are copyrighted ©.