2018-01-03 09:13:00

Քնեսեթը վաւերացուց «Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք» օրինագիծը


Իսրայէլի խորհրդարանը երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումով վաւերացուց «Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք» օրինագիծը: Քնեսեթի 64 անդամներ թեր քուէարկեցին, 52 անդամներ` դէմ, իսկ մէկ երեսփոխան մնաց ձեռնպահ:

Քնեսեթը նախապէս վաւերացուցած էր Երուսաղէմի վերաբերեալ հիմնական օրէնքի բարեփոխումը, որուն համաձայն` Երուսաղէմի վերաբերող որեւէ հարցի վաւերացման համար, նոյնիսկ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման ծիրին մէջ, պէտք է 80 քուէ ապահովել:

Իսրայէլեան Լիքուտ կուսակցութիւնը վաւերացուցած էր Այսրյորդանանի եւ Երուսաղէմի մէջ բոլոր բնակեցման վայրերուն վրայ «իսրայէլեան գերիշխանութեան» տարածման կոչ ուղղող բանաձեւ մը:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը կը պատրաստուի միջազգային դատարաններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամակցութեան դիմելու, ինչպէս նաեւ օրինական բոլոր միջոցներուն դիմելու` պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու եւ Իսրայէլը հաշուետուութեան կանչելու համար:

Ապպաս ըսաւ, որ Լիքուտ կուսակցութեան որոշումը «պաղեստինցի ժողովուրդին, անոր հողերուն ու սրբատեղիներուն դէմ յարձակումի համազօր է, եւ պիտի չորդեգրուէր, եթէ ամերիկեան բացարձակ զօրակցութիւն չըլլար»: Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց անմիջապէս գործի լծուելու` կասեցնելու համար պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ միջազգային օրինականութեան որոշումներուն դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:

Պաղեստինեան Իսլամական Ժիհատ շարժումը իր կարգին յայտնեց, որ Լիքուտի որոշումը «փոխզիջումի ծրագիրի հոլովոյթի ուղին հասցուց իր աւարտին»` աւելցնելով, որ այդպիսի որոշումներուն պաղեստինեան պատասխանը այդ հողերուն վրայ ազգային եւ ժողովրդային գերիշխանութեան հաստատումն ու ինթիֆատայի մէջ մագլցումն է:

Պաղեստինի մէջ դիմադրութեան յանձնախումբերը իրենց կարգին շեշտեցին, որ Լիքուտի որոշումին պէտք է հակադարձել բնակեցման վայրերուն դէմ դիմադրութեան մագլցումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.