2018-01-03 08:12:00

«Ոչ մէկը բացառուած է խաղաղութեան ի նպաստ յանձնառումէն» Գերապայծառ Փիցցապալլա։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ամէնքս կանչուած ենք պատասխան մը տալու կեանքին, ոչ մէկը բացառուած է խաղաղութեան ի նպաստ յանձնառումէն, որովհետեւ խաղաղութիւնը կը պատկանի բոլորին եւ ոչ միայն հերթական Ղեկավարին»։ Սոյն խօսքերը արտասանած է Գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան՝ Երուսաղէմի Լատինաց պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձուն, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր տօնին օրուան առթիւ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ուր ապա ընդգծած է թէ «մեր բոլորիս ճակատագիրը իրարու կապուած է։ Այն ինչ որ ես կ՛ընեմ իմ փոքրիկ միջավայրիս մէջ, կը սատարէ ու մասնակից է այն խաղաղութեան՝ զոր կանչուած են իրականացնել մեծերը»։

«Մենք եւս նման հովիւներուն՝ կանչուած ենք հռչակելու խաղաղութիւնը, այսինքն կանչուած ենք զայն կիսելու ու փոխանցելու ուրիշներուն» դիտել տուաւ պատրիարքական հոգաբարձուն հաստատելով թէ «կարելի չէ չհռչակել խաղաղութեան պարգեւը, որ մեր մէջ կը գտնուի, այսինքն խաղաղութեան Իշխանը, ու այս ընելու ենք մեր շարժուձեւերով, ընտանիքը, ընկերութիւնը կառուցելու մեր ապրելակերպով, ինչպէս նաեւ եկեղեցական ու քաղաքական մեր գործունէութեամբ»։

«Մեծերը կարող չեն խաղաղութիւն կառուցել եթէ փոքրիկները չ՛ապրին այդ խաղաղութիւնը» յարեց ապա գերապայծառ Փիցցապալլա դիտել տալով թէ «Խաղաղութիւնը ձեռք բերելու համար բաւարար չէ բացայայտել անոր բացակայութիւնը, այլ հարկաւոր է քաջութիւնը ունենալ զայն կառուցելու, հակառակ ամէն ինչի, ու այս ընելու ենք նաեւ սիրոյ փոքրիկ արարքներու միջոցաւ, եղբայրութեան, հիւրընկալութեան արարքներու միջոցաւ։ «Խաղաղութիւնը կը կառուցի միասնաբար. Մենք  կարիքը ունինք միւսին, որ միշտ կարող է մեզի նոր բան մը սորվեցնել։ Բանանք մեր սրտերը ուրիշին՝ որովհետեւ այդ բացուածքը անհրաժեշտ է խաղաղութեան համար» հրաւէր ուղղեց Երուսաղէմի Լատինաց պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.