2018-01-03 11:00:00

«Նոր տարուայ սեմին կը հրաւիրեմ ընկալելու Աստուծոյ քնքշութիւնը». Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի՝ 3 յունուար 2018-ին, տարուայ առաջին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն, ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան աւարտին, զանազան լեզուներով ողջունեց՝ Պօղոս Զ դահլիճին մէջ ունկնդրութեան մասնակցող իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները, ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն ըսելով. «Այս նոր տարուայ առթիւ ձեզ կը հրաւիրեմ ամէն օր ընկալելու եւ բաժնեկցելու Աստուծոյ քնքշութիւնը։ Սիրելի երիտասարդներ, եղէք Քրիստոսի սիրոյ պատգամաւորները ձեր տարեկիցներուն համար։ Սիրելի հիւանդներ, Աստուծոյ շոյանքի մէջ գտէք ձեր տառապանքներուն սփոփանքը եւ դուք՝ սիրելի նորապսակներ՝ եղէք ս. պսակի խորհուրդի ուրախութեան վկաները՝ ձեր փոխադար' ու հաւատարիմ սիրոյ միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.