2018-01-01 11:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատարագն ու քարոզը՝ Յունուար մէկի Աստուածամօր տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սկիզբ առնող նոր տարուայ սեմին, Մարիամ Սուրբ Կոյս Աստուածամօր տօնին առթիւ, 2018ի Յունուար մէկի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց 2018 տարուայ առաջին սուրբ պատարագը նուիրուած Աստուածամօր ու խաղաղութեան 51րդ համաշխարհային օրուան։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ Մարիամին տրուած Աստուածամայր տիտղոսը ամենակարեւորն է ապա նշեց թէ տարին սկիզբ կ՛առնէ Աստուածամօր անունով ու հաստատեց թէ այն օրէն երբ Տէրը մարդեղացաւ Մարիամի մէջ, Ան իր վրայ կը կռէ մեր մարդեղութիւնը։ Չկայ Աստուած մը առանց մարդուն։ Մայր Աստուծոյ ըսելը մեզի կը յիշեցնէ թէ Աստուած  մօտիկ է մարդուն, նման նորածինի մը իր մօր մօտիկութեան։ 

Սրբազան Քահանայապետը ապա շեշտը դրաւ Մայր բառին վրայ դիտել տալով թէ միայնակ չենք ու թէ մենք սիրուած զաւակներ ենք, հուսկ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Ղուկաս աւետարանիչէն, ուր կը խօսուի Աստուածամօր յղութեան մասին, ու թէ ինչպէս Ան իր արգանդին մէջ կը կռեր ու կը պահպաներ Յիսուսը՝ լռութեան ու աղօթքի մէջ։

Մարիամ արդարեւ լռութեան պահակն է, Ան քնքուշ է, խոնարհ է, աղքատ իրերով սակայն հարուստ սիրով, ազատ մեղքէն, միացած Յիսուսին…վերսկսելու համար նայինք Անոր՝ մեր Մօր սրտին մէջ կը տրոփէ նաեւ եկեղեցւոյ սիրտը։ Յառաջ ընդանալու համար հարկաւոր է նախ ետքայլ մը ընել, վերսկսիլ մսուրէն, Մօրմէն որ իր բազուկներուն մէջ կը կռէ Աստուած, յարեց Սրբազան Քահանայապետը, ապա ընդգծեց թէ մենք կարիքն ունինք լռութեան. Կարիքն ունինք մօր մը սրտին, որպէսզի կարենանք պահպանել Աստուծոյ քնքշութիւնը եւ ունկնդրել մարդու սրտին տրոփումը։

Լռութեան մէջ թոյլ տանք որ Յիսուս խօսի մեր սրտին, թող Անոր փոքրութիւնը կոտորէ մեր հպարտութիւնը, Անոր աղքատութիւնը խանգարում պատճառէ մեր զուարճանքին ու անոր քնքշութիւնը բարեփոխէ մեր անզգայ  սիրտը, յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզի աւարտին նշեց թէ «Մօր նայելով մենք քաջալերուած ենք մէկդի դնելու անօգուտ բաները ու վերագտնելու արժէքաւորը։ Մարիամին պարգեւը թանկագին է եկեղեցւոյ համար որ է մայր եւ կին ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը եզրափակեց հաստատելով թէ « Մայրն ու կինը գիտեն պահպանել, գիտեն սրտին կապել, գիտեն վերակենդանացնել»։








All the contents on this site are copyrighted ©.