2018-01-01 07:00:00

2018 ՝ ԱՂՕԹՔԻ ՏԱՐԻ. Արհ. Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեանի Խորհրդածութիւնը


Այս նոր տարուան սեմին, ի՞նչ կարելի է ցանկալ կամ մաղթել, որ համապատասխանէ ամենախոր իղձերուն եւ սպասումներուն : Կը կարծեմ թէ ամէնէն կարեւորը՝ լաւ ըլլալն է ինքնիր եւ ուրիշներուն հետ: Լաւ ըլլալ ինքն իր հետ կը նշանակէ ունենալ ներքին անդորրութիւն, քաջառողջութիւն, եւ նիւթական ու բարոյական բարեսրտութիւն, կարճ կեանքը ապրելու երջանկութիւն, նոյնիսկ եթէ երբեմն  պատահին անախորժ դէպքեր կամ կացութիւններ: Լաւ ըլլալ ուրիշներուն հետ կը նշանակէ բարեկամեցողութիւն, ներողամտութիւն, բարեկամութիւն եւ սէր, որ կը տապալէ զատողութեան եւ այլամերժութեան պատերը եւ մեզ կը միացնէ ճշմարիտ կապերով ամէն անոնց հետ, որոնց կը հանդիպինք մեր առօրեայ կեանքին մէջ :

Այս նոր տարին յատկանշուած է երկու կարկառուն հրաւէրներով: Առաջին՝ Քրիստոնեայ ընտանիքը եւ Սուրբ ամուսնութիւնը :

Երկու հրաւէր՝ մէկ սեւեռակէտի վրայ որն է՝ խօսիլ Յիսուս Քրիստոսի մասին եւ խօսիլ Յիսուս Քրիստոսի հետ: Վատիկանի Բ. Ժողովը մեզի ուրիշ հորիզոններ կը բանայ, այն է ապրիլ եւ փոխանցել խորապէս այն հաւատքը որ ընդունած ենք մեր մկրտութեամբ: Հաւատք մը որ մեզի կ'օգնէ քալելու մեր կեանքի ճամբուն վրայ ամէն մէկ օրը անցնելով վստահութեամբ եւ կորովով : Հաւատք մը որ անսասան է, քանի որ հիմնուած է յաւիտենական կեանքին վրայ: Բայց որպէսզի այս հաւատքը կարենայ դիմակալել այն ամէն դժուարութիւնները որ մեր առջեւ պիտի ելլեն այս նոր տարուան ընթացքին՝պէտք է ճշմարիտ կերպով հիւրընկալենք Մանուկ Յիսուսը :

Բայց ո՞վ է այս մանուկը : Մկրտիչին մայրը ՝ Եղիսաբեթ, ըսած էր . «Օրհնեալ ըլլայ որովայնիդ պտուղը» : Որովայն, այսինքն եբրայեցերէն «ռեհեմիմ», հոն ուր կայ ողորմութիւնն Աստուծոյ: Այս մանուկը ոչ միայն պտուղն է ողորմութեան, այլ մարմնացումն է նոյնինքն Աստուծոյ ամենակարողութեան: Ընդունիլ այս ողորմութիւնը կը նշանակէ հրաժարիլ կարգ մը բաներէ, ատելութենէ, բռնութենէ, եսասիրութենէ եւ թերահաւատութենէ:

Սաղմոսերգուն հարց կու տայ ինքնիրեն թէ ուսկի՞ց կու գայ ցաւը եւ տառապանքը որ մարդս յաճախ կը կրէ իր կեանքին ընթացքին . « Միթէ՞ Տէրը կը մոռնայ իր գթութիւնը, իր բարկութեան մէջ՝ կը պահէ՞ իր որովայնը ( ողորմածութիւնը) ( Սղմ 76) : Անգամ մը որ ողորմութեան որովայնը փակուած է, անպտուղ ամլութիւնը կը կատարուի, եւ ծնունդ կու տայ ամէն տեսակ չարիքի եւ չարչարանքի որ կը կործանէ համայն մարդկութիւնը մեր օրերուն:

Մարդ արարածը մոռցած է կամ կը մերժէ   ընդունիլ Մանուկ Յիսուսը եւ կը փորձէ մինակը քալել կեանքի ճամբուն վրայ, խորհելով որ իր ուժերը կը բաւեն ամէն ինչի: Բայց ահա կը տեսնենք արդիւնքը : 2012 տարին, օրինակի համար, տարի մը եղաւ արիւնահեղ պատերազմներու, պատճառ դառնալով բազմահազար անձերու բնաջնջումին, զոհ՝ ատելութեան եւ մարդկային եսապաշտութեան:

Սուրբ Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ անընդհատ զօրացնել մեր հաւատքը ՝ միշտ եւ միշտ յայտնագործելով եւ դիտելով իսկական դէմքը Յիսուս Քրիստոսի : Դէմք մը ողորմութեան եւ ներումի եւ խաղաղութեան : Ճշմարիտ քրիստոնեան այստեղ կանգ չ'առներ սակայն: Պէտք է բաժնեկից դարձնէ նաեւ իր եղբայրակիցը, անոր ալ ցոյց տալով նոյն սուրբ դէմքը: «Ներէ մեզի մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք ալ կը ներենք ամէն անոնց որ մեզի դէմ յանցանք գործեցին» : Ներումը, ուրեմն, կը բաժնենք մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ:

Թող 2018 նոր տարին՝ ըլլայ փոխադարձ ներումի եւ աղօթքի տարի՝ ընդմէջ համայն մարդկութեան, որպէսզի ան ըլլայ նաեւ տարի մը խաղաղութեան:

Հայր Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.