2017-12-31 08:09:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ամավերջի եւ ամանորի գլխաւորելիք արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 31 դեկտեմբեր 2017-ին, ընթացիկ տարուայ վերջին օրն է ու վաղը՝ սկիզբ կ՛առնէ 2018 տարին։ Ամէն մէկ նոր տարուայ աւարտին ու նոր տարուայ մը սեմին, ընդհանրապէս կը կատարուին հաշուեկշիռներ։ Մեր ետին նայելով կը մտաբերենք անցնող օրերուն մեզի վերապահած ուրախութիւններն ու տրտմութիւնները, մի գուցէ ցաւեր ու տառապանքներ, ապա ուրախալի պահեր, յաջողութիւններ, նուաճումներ ու մի գուցէ նաեւ ձախողութիւններ։ Ամէն օր որ կ՛անցնի անվերադարձ է ու մեր աշխարհի վրայ պանդուխտի ուղեւորութիւնը յառաջ կ՛ընթանայ առանց ընդմիջումի։

Իսկ նոր տարին որ կը հասնի, մեզ կը մղէ ակնկալելու նոր սպասումներ եւ նոր անակնկալներ, մինչ մեր բոլորին իղձն ու փափաքը մի գուցէ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ խաղաղութիւն, առողջութիւն, երջանկութիւն ու ինչու չէ նաեւ յաջողութիւն։ Ահա այս է նաեւ այն ինչ որ մենք եւս կ՛ուզենք մաղթել մեր բոլոր ունկնդիրներուն։ Աշխարհի մը մէջ որ կը տառապի պատերազմներէ, բռնութիւններէ ու չարաշահումներէ, մեր անկեղծ ու ամենաջերմ մաղթանքն է որ երկիրն ու աշխարհը յուզող արհաւիրքներն ու տագնապները վերջ գտնեն, խաղաղութիւն տիրէ բոլոր սրտերուն մէջ, մխիթարութիւն տրուի բոլոր անոնց որոնք կը տառապին, ապա աշխարհը ճանչնայ իսկական խաղաղութիւնն ու եղաբյրութիւնը, այնպէս ինչպէս կ՛արձագանգէ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ» շարականը, ուր մաղթանք կը յայտնուի «յերկիր խաղաղութիւն ու մարդոց հաճութիւն» ապա օրհնութիւն կը բարձրացուի առ Աստուած այն ամէն բարիքներուն համար զոր հաճեցաւ պարգեւել մեզի, առանց մեր արժանիքին։

Նոյն աղօթքը զոր պիտի կատարէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի 31 դեկտեմբերի երեկոյեան 5-ին,  Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ տեղի ունենալիք գոհաբանական աղօթքի ընթացքին, որուն առթիւ տեղի կ՛ունենայ նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդական երկրպագութիւնն ու Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։ Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ուղղուի Սուրբ Պետրոս հրապարակ այցելելու համար այնտեղ զետեղուած հսկայական մսուրը, ուր նաեւ պահ մը կ՛ամփոփուի աղօթքի մէջ։

Իսկ երկրորդ օրը՝ 2018 տարուայ առաջին օրը, Նորին Սրբութիւնը սկիզբ կու տայ նոր տարուան, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորած  Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ որմէ ետք ապա իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ 2018 տարուայ Հրեշտակ Տեառն, առաջին Մարեմեան աղօթքը։ Այդ օր կը նշուի նաեւ  խաղաղութեան համաշխարհային օրը, որուն առթիւ Սրբազան Հայրը հրապարակած է տարեկան իր պատգամը՝ որպէս նիւթ ընտրելով «գաղթականներ ու փախստականներ՝ խաղաղութիւն որոնող մարդիկ ու կիներ»








All the contents on this site are copyrighted ©.