2017-12-31 13:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով Եգիպտոսի Ղպտիները ըսաւ. «Թող Աստուած դարձի բերէ բռնարարներու սրտերը»


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 31 դեկտեմբեր 2017-ին  Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ու իր ողջոյնի խօսքին մէջ ուզեց յիշել Եգիպտոսի Ղպտի օրթոտոքս եղբայրները  որոնք երկու օր առաջ թիրախ դարձան երկու ահաբեկչական արարքներու. «Թող Տէրը ընկալէ ննջեցեալներուն հոգիները, նեցուկ ըլլայ վիրաւորներուն, անոնց ընտանիքներուն ու համայն Ղպտի հասարակութեան, ապա դարձի բերէ բռնարարներու սրտերը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկ ողջոյն մը ուղղեց հրապարակը համախմբուած ընտանիքներուն ու հրաւիրեց գոհութիւն մատուցել Աստուծոյ, այս օրուան առթիւ, անցած տարւոյն ընթացքին մեզի պարգեւած բարիքներուն համար։ Այսօր, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, շնորհակալութեան օր է, նոյնիսկ եթէ կան դժուարութիւններ ու մտահոգութիւններ, ապա բոլորին մաղթեց բարի տարեվերջ ու խնդրեց որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.