2017-12-30 10:02:00

Նիւ Եորքի մէջ տասնամեակներէ ի վեր յոռեգոյն հրդեհը պատճառեց 12 զոհ


12 անձեր, ներառեալ երեխայ մը զոհուեցան Նիւ Եորքի Պրոնքս թաղամասի բնակելի շէնքերէն մէկուն մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով:

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տէ Պլացիօ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ արձանագրուած վիրաւորներէն չորսը կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ եւ զոհերու թիւը կրնայ աճիլ:

Պրոնքսի շրջանին մէջ տեղի ունեցած հրդեհը տասնամեակներէ ի վեր քաղաքին մէջ արձանագրուած մեծագոյն ողբերգութիւնն է: «Խօսքով կարելի չէ ներկայացնել այդ ողբերգութիւնը», ըսած է քաղաքապետը` աւելցնելով, որ Պրոնքսի մէջ այսպիսի հրդեհ չէ եղած «առնուազն վերջին քառորդ դարուն»:

Հրշէջները յաջողած են փրկել 12 անձեր: Հինգ յարկանի բնակելի շէնքին մէջ կրակը մարելու աշխատանքներուն մասնակցած են 160 հրշէջներ: Հրդեհը ծագած է տեղական ժամանակացոյցով ժամը շուրջ 19:00-ին:

Նշենք, որ երէկ Հնդկաստանի Մուպայ քաղաքի «Քամալա Միլզ» առեւտրական կեդրոնի «Լոնտոն Թաքս» գարեջրատան մէջ ծագած հրդեհ մը արագօրէն տարածուած է շէնքի բոլոր 12 յարկերուն մէջ: Հրդեհին պատճառով արձանագրուեցաւ 15 զոհ:

Ոստիկանութեան տուեալներով` զոհերուն ճնշող մեծամասնութիւնը աղջիկներ են, որոնք այդ գիշեր ծննդեան օր կը նշէին շէնքի տանիքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.