2017-12-29 09:31:00

Իտալիոյ Նախագահը արձակած է երկրի խորհրդարանը


Սերճօ Մադարելան հանրապետութեան խորհրդարանը արձակելու մասին հրամանագիր ստորագրած է:

Իտալիոյ նախագահ Սերճօ Մադարելան, Հինգշաբթի արձակած է ազգային խորհրդարանը։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովըսթի»-ն` ներկայացնելով նախագահի աշխատակազմին յայտարարութիւնը:

Նախապէս, իտալական սահմանադրութեան համաձայն, պետութեան նախագահը ընդունած է երկրի վարչապետ Փաոլօ Ճենդիլոնին եւ օրէնսդրական մարմինի երկու պալատի խօսնակները:

Օրէնսդրական մարմինի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտին առիթով՝ Աբենիններու մէջ խորհրդարանը արձակելէ ետք՝ պէտք է կայանայ խորհրդարանական հերթական ընտրութիւնը, որուն իրականացման օրը պիտի որոշուի նախարարներու խորհուրդի նիստին:








All the contents on this site are copyrighted ©.