2017-12-29 08:27:00

2017 տարուայ ընթացքին աշխարհի մէջ սպաննուած են 23 միսիոնարներ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ֆիտէս» լրատու գործակալութեան ամավերջի տեղեկագիրի համաձայն 2017 տարուայ ընթացքին աշխարհի մէջ սպաննուած են 23 միսիոնարներ որոնց շարքին՝ 13 քահանաներ, մէկ կրօնաւոր, մէկ կրօնաւորուհի եւ 8 աշխարհականներ։ 2000-էն 2006 աշխարհի մէջ սպաննուած են 424 հովուական խնամակալութեան գործիչներ որոնք շարքին 5 եպիսկոպոսներ։

Տեղեկագրի տուեալներու համաձայն բազմաթիւ առաքեալներ սպաննուած են վայրերու մէջ ուր կը տիրապետէ ֆինանսական ու մշակութային աղքատութիւն, բարոյական ու բնապահպանական ապականում ու բռնութիւն, մարդկային իրաւունքներու ու կեանքի յարգանքի ամբողջական պակասի բերումով։

Ֆիտէս լրատու գործակալութեան ամավերջի տեղեկագիրին մէջ չեն ներառուած բոլոր այն հովուական խնամակալութեան գործիչները որոնք զոհուեցան իրենց հաւատքին համար ու բոլոր անոնք որոնց մասին ոչ մի տեղեկութիւն հրապարակուեցաւ եւ որոնք աշխարհի մէջ ամէն օր կը տառապին եւ ի գին իրենց կեանքին կը պաշտպանեն իրենց Յիսուս Քրիստոսի վրայ ունեցած հաւատքը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.