2017-12-28 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Աղօթենք անծին, անօթի ու չարաշահուած մանուկներուն համար»։


(Ռատիօ Վատիկան) «Այսօր աղօթենք  այն մանուկներուն համար որոնց կ՛արգիլուի  ծնիլ, որոնք կու լան անօթութեան պատճառաւ եւ որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ խաղալիք չեն բռներ՝ այլ զէնքեր». Այս եղաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրը՝ պարունակուած 28 դեկտեմբերին հրապարակած  թուիթին մէջ, Անմեղ Մարտիրոս սուրբերու ծիսական տօնին առիթով։

Անմեղ մարտիրոսներու տօնին կը յիշատակուին այն բոլոր անմեղ մանուկները զոր Հերովդէս Թագաւոր սպաննել տուաւ, ի միտ ունենալով նաեւ սպաննել Յիսուսը՝ Մեսիան։ Անոնք քրիստոնէութեան առաջին դարերէն իսկ յիշատակուեցան որպէս մարտիրոսներ ու նախավկաներ բոլոր անոնց որոնք դարերու ընթացքին իրենց արիւնը պիտի թափէին  Գառն Աստուծոյ համար։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, բազմաթիւ առիթներով, անդրադարձած է միլիոնաւոր մանուկներու ողբերգութեան ու անոնց նկատմամբ կիրարկուած չարաշահումներուն, վճռակամ դատապարտելով այդ արարքները ու հրաւէր ուղղելով միջազգային ընտանիքին աւելի մեծ ջանք դափելու ու արմատախիլ ընելու այդ «ախտը»։

ՄԱԿ-ի Մանկական Հիմնադրամի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) 2017 տարուայ հայող հրապարակած տեղեկագիրի  համաձայն ՝ հակամարտութիւններու շրջաններու մէջ ապրող մանուկները միշտ աւելիով թիրախ եղած են յարձակումներու ու հակամարտող կողմերը բոլորովին անտեսած են «դիւրաբեկներու» անվտանգութիւն ապահովեցնելու միջազգային օրէնսդրութիւնը։

Աֆղանիստանի մէջ՝ 2017-ի առաջին 9 ամիսներուն, սպաննուած են աւելի քան 700 մանուկներ. Նիճերիոյ մէջ, Պոքօ Հարամ ծայրայեղական կազմակերպութիւնը՝ 135 մանուկներ օգտագործած է, անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու համար։ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ, բռնութիւններ, արեւանգումներ ու մահ չեն խնայուեցան մանուկներուն. Քոնկոյի Քազայ շրջանի մէջ կիրարկուած  բռնութիւնները, 850 հազար մանուկներուն ստիպեցին դիմել արտահանումի. Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ մանուկներ օգտագործուեցան որպէս մարդկային վահաններ, մինչ Միանմարի մէջ, Ռոհինճա մանուկները ապրեցան տառապանքի ու հալածանքներու ողբերգութիւնը, ինչպէս է նաեւ պարագան Հարաւային Սուտանին, Սոմալիային ու Եմենի մանուկներուն որոնք յաճախ անմեղ զոհերն են արիւնալի պատերազմներուն։

Միլիոնաւոր մանուկներ աշխարհի վրայ՝ կարիքը ունին սնունդի ու առողջապահական խնամքի մինչ անոնցմէ շատեր կը տառապին ու կը մեռնին սովի պատճառաւ։

ՄԱԿ-ի Մանկական Հիմնադրամը կոչ ուղղած է այս ուղղութեամբ յարգելու միջազգային օրէնքները ու կասեցնելու մանուկներու դէմ գործադրուած բռնութիւնները, ապա Պետութիւններէն խնդրած է ամէն ջանք դափել պաշտպանելու համար մանուկները ու անոնց երաշխաւորելու առողջապահական խնամակալութիւն, ուտեստեղէն, ուսմունք եւ անվտանգութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.