ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով այցելեց Իրան-Իրաք պատերազմին ընթացքին զոհուած Էդուին Շահմիրեանի եւ Ժորժ Քէշիշ Յարութիւնեանի ընտանիքներուն:
Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ իրանահայերը Իրանի հասարակութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունին եւ մեծ յարգանք կը վայելեն:
Իրանագէտ Արմէն Իսրայէլեան «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կը գրէ. «1980-1988 թուականներուն Իրան-Իրաք պատերազմին մասնակցեցան 17,000 իրանահայեր, որոնցմէ 260ը նահատակուած է»
All the contents on this site are copyrighted ©. |