2017-12-27 11:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ-ին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ յայտնեց թէ անցեալ հինգշաբթի 21 դեկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այցելութիւն տուաւ Վատիկանի «Մաթեր Էկլեզիա»  աբբայարանին, Սուրբ Ծննդեանն բարեմաղթութիւնները փոխանցելու համար վաստակաւոր Քահանայապետ՝ Պենետիկտոս ԺԶ-ին, ինչպէս կ՛ընէ ամէն տարի։ Երկու Քահանայապետերու միջեւ հանդիպումը տեւած է կէս ժամ։

Նշենք թէ անցեալ 18 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Ռացինկեր մրցանակի յանձնումի առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի մասին արտայայտուելով, յայտնած էր թէ «Անոր աղօթքը ու շրջահայեաց եւ քաջալերող ներկայութիւնը կ՛ընկերանան միասնական ճանապարհին» ընդգծելով նաեւ թէ «Անոր վարդապետութիւնը կը շարունակէ ըլլալ կենդանի եւ արժէքաւոր ժառանգութիւն մը Եկեղեցւոյ համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա աւելցուցած էր թէ« Ժոզէֆ Ռացինկէր կը շարունակէ ըլլալ վարդապետ ու բարեկամ խօսակից, բոլոր անոնց որոնք՝ բանակցութեան պարգեւի միջոցաւ կը գործեն համապատասխանելու համար՝ ճշմարտութիւնը փնտռելու մարդկային կոչումին»








All the contents on this site are copyrighted ©.