2017-12-27 12:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ունկնդրութիւնը. «Յիսուս ճշմարիտ պարգեւն է»


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի,  27  դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն, որուն կեդրոնական նիւթը եղաւ  Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին իմաստը՝ որ այս օրերուն կ՛ապրինք հաւատքով ծիսական արարողութիւններով :

 «Մսուրի կառուցումը, յատկապէս ծէսը՝ իր սուրբ գրային ընթերցումներով եւ աւանդական երգերով մեզի վերապրեցուց, այն «այսօրը» երբ «մեզի համար Փրկիչը ծնաւ, Քրիստոս, Մեր Տէրը (Ղուկ.2,11) – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  ակնարկելով  մեր ապրած ժամանակաշրջանին, յատկապէս Եւրոպայի մէջ, ուր  ականատես ենք Ծնունդի տեսակ մը «աղաւաղումի», յանուն ոչ քրիստոնեաներու նկատմամբ կեղծ յարգանքի մը՝, որ յաճախ կ՛ուզէ կղզիացնել հաւատքը,   Յիսուսի Ծնունդի տօնէն ջնջելով Անոր հայող որեւէ ակնարկ:

Ւրականութեան մէջ սակայն « առանց Յիսուսի չկայ  Ծնունդ» ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով  « եթէ Յիսուս  կեդրոն   համարուի,   ուրեմն  ամէն ինչ որ  շուրջը կը գտնուի, այսինքն լոյսերը,  երաժշտութիւնը, տեղական զանազան աւանդութիւնները, ի մէջ այլոց աւանդական կերակուրները, բոլորը  կը ձգտին տօնական մթնոլորտ ստեղծելու:  Իսկ եթէ Յիսուսը հանենք, այն ժամանակ լոյսը կը մառի եւ ամէն ինչ կեղծ ու մակերեսային կը դառնայ:

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ «որպէս Աւետարանի հովիւները, եկեղեցւոյ աեւտումի միջոցաւ,  առաջնորդուած ենք փնտռելու ճշմարիտ լոյսը՝ Յիսուսը,  որ մեզի նման մարդ դառնալով, անակնկալ ձեւով յայտնուեցաւ: Ան ծնաւ ախոռի մէջ,  անծանօթ աղքատ աղջիկէ մը,  միայն անոր ամուսնոյն օգնութեամբ» հուսկ աւելցուց «Աշխարհը ոչ մէկ բանի անդրադարձաւ, սակայն երկինքին մէջ հրեշտակները հրճուեցան» : Նորին Սրբութիւնէ ապա դիտել տուաւ. որ այս ձեւով է որ  նաեւ այսօր  Յիսուս մեզի կը ներկայանայ. «Որպէս Աստուծոյ պարգեւը մարդկութեան, որ խորասուծուած է գիշերուան  խոր քունի մէջ»:

Ֆրանչիսկոս  Պապ դիտել տուաւ որ այսօր եւս ականատես կ'ըլլանք այն իրողութեան, որ մարդկութիւնը ստէպ մութը կը նախընտրէ, որովհետեւ գիտակից է, որ լոյսը կը յայտնաբերէ ամէն այն արարքներն ու մտածումները որոնք խիղճը կը խայթեն: Այսպէսով անոնք  կը նախընտրեն խաւարի մէջ մնալ եւ չյեղաշրջել իրենց սխալ սովորութիւնները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  հրաւիրեց  Յիսուսի նման, մենք եւս մեր կարգին ամէն օր անշահախնդիր պարգեւ դառնանք բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպին մեր ուղիին վրայ , ակնարկելով թէ «Ծնունդի տօնին օրը նուէրներու փոխանակումը այդ կը նշանակէ ու աւելցնելով,  որ մեզի համար իսկական  նուէրը Յիսուսն  է, եւ նման իրեն կ'ուզենք ուրիշներուն համար պարգեւ  դառնալ։

Նորին Սրբութիւն ապա մատնանշեց Սուրբ Պօղոսո մեզի շնորհած  եզրակացուցիչ  ընթերցանութեան բանալիին « յայտնուեցաւ Աստուծոյ շնորհքը, որ  բոլոր մարդոց փրկութիւն կը բերէ» (2 Տիմոթ11- 12)։ Ան ապա նշեց, որ Աստուծոյ շնորհքը յայտնուեցաւ Յիսուսի մէջ, այն Աստուծոյ դիմագիծը, որ Սուրբ Կոյս Մարիամ  աշխարհ բերաւ ապա նշեց թէ այս ձեւով, Որդիին մարմնացումով, Աստուած մեզի բացաւ նոր կեանքի դուռ մը հիմնուած ոչ թէ եսասիրութեան վրայ այլ Սիրոյ վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ վերջապէս նշեց,   թէ Յիսուսի Ծնունդին մէջ, կրնանք ականատես դառնալ այն իրողութեան թէ  Աստուած կու գայ ու կ'այցելէ  հզօրներու կողմէ  կառավարուած մարդկութեան պատմութիւնը։  Աստուած  կու գայ ու կ 'ընդգրկէ  բոլոր անոնք  որոնք ընկերութեան մեկուսացուցանելն են , որոնք կը հանդիսանան Աստուծոյ ՝ Յիսուսի բերած Փրկութեան պարգեւին առաջինները:

«Յիսուսի Ծնունդը մեր Երկնքի Հօր սիրոյ ամենամեծ արարքն է» ըսաւ ապա Նորին Սրբութինը հաստատելով թէ Յիսուս փոքրիկներուն եւ արհամարուողներուն հետ կը հաստատէ բարեկամութիւն մը որ կը շարունակուի ժամանակուայ ընթացքին եւ որ աւելի լաւ ապագայի մը համար յոյս կը ներշնչէ։  «Այդ անձերուն որոնք ներկայացուած են Բեթղեհէմի հովիւներուն մէջ, Մեծ լոյս մը կ'երեւնայ,  որ զիրենք կ'առաջնորդէ շիտակ դէպի Յիսուս: Ասոնց հետ Աստուած կ'ուզէ նոր աշխարհ մը կառուցել,  աշխարհ մը որուն մէջ այլես չկան մերժուած, չարաշահուած անձեր։ 

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր – ըսաւ հուսկ նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան աւարտին, այս օրերուն մեր սիրտն ու միտքը բանանք սոյն շնորհքը ընկալելու համար: Յիսուս մեզի համար Աստուծոյ ընծան է, եթէ ընկալենք զինք, մենք եւս ուրիշներուն համար  կը դառնանք պարգեւ, նախ եւ առաջ բոլոր անոնց համար որոնք չփորձարկեցին սիրոյ ուշադրութիւն մը կամ քնքշութեան արարք մը ապա եզրափակեց  «Յիսուս,  կու գայ եւ  դարձեալ ծնելու իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ, եւ մեր միջոցաւ-Ան կը շարունակէ փրկութեան պարգեւ ըլլալ փոքրիկներուն եւ մեկուսացեալներուն համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.