2017-12-27 08:37:00

Կազմակերպութեամբ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի Ս. Ծննդեան համերգ


Շաբաթ, 23 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հովանաւորութեամբ Պէյրութի թեմի եւ Զմմառու կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին ժաք Կիսոյի, Ս. Ծննդեան համերգ տեղի ունեցաւ Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ: Համերգը կազմակերպուած էր հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ- Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին կողմէ:

Համերգը սկսաւ «Խորհուրդ մեծ» շարականով, որ տուտուկի վրայ նուագեց Գէորգ Քէշիշեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Դալար Չաղլասեան: Ան նշեց, որ այսօրուան համախմբման նպատակը մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնն է: Մարդկային գոյութեան մեծագոյն հրաշք պատահարն էր, երբ միածին Որդին ծնաւ եւ մարդացաւ` պարգեւելով փրկութեան եւ յաւիտենական երջանկութեան լուսաւոր ճանապարհը: Անդրադառնալով տօնական օրերուն եւ յատկապէս Ս. Ծննդեան տօնին` ան յայտնեց, որ այս տօնին ընդմէջէն կը փորձենք բիւրեղանալ եւ առնչուիլ Յիսուսի աստուածային էութեան խորհուրդին:

Դալար Չաղլասեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի բարեմաղթութիւնները փոխանցեց, որ համատարած խաղաղութիւնը իշխէ մեր մոլորակին վրայ, Քրիստոսի անսահման բարութեան լոյսը ողողէ բոլորին հոգիները եւ հաւաքական աղօթքները ի սպաս ըլլան հայ ազգին բարգաւաճման եւ գոյատեւման: Իր խօսքի աւարտին ան մաղթեց, որ յաղթականօրէն շարունակեն ղօղանջել մեր քրիստոնէական հաւատքի յաւերժական զանգակները:

Համերգին առաջին բաժինով Գէորգ Քէշիշեան սրինգով նուագեց Նիութոնի եւ Էքսելի «Ամէյզինկ Կրէյս» երաժշտական կտորը, Ժան Փիեռ Աստիկեան դաշնակի վրայ նուագեց Սենթ Լուիսի «Օ լիթըլ թաուն օֆ Պեթլեհեմ» եւ «Տը հոլի էնտ տը իվի» երգերը, ապա Գէորգ Քէշիշեան սրինգով եւ Օլկա Պոլունի դաշնակով ներկայացուցին Կլաքի «Մարչ օֆ տը փրիսթց» եւ Հենտըլի «Հի շել ֆիտ հիզ ֆլոք» երգերը:

Համերգին երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան երկու թենորներ Ղազար վրդ. Պետրոսեան եւ Ճոնի Կէօքճեան: Ղազար վրդ. Պետրոսեան մեներգեց Պենվենութիի «Աւէ Մարիա, տոլչէ Մարիա» եւ Պիզեթի «Ակնիւս տէի» երգերը, իսկ Ճոնի Կէօքճեան մեներգեց Եոնի «Կեցու Պամպինօ» եւ Հենտըլի «Էվրի վալի շել պի էկսհալթըտ» երգերը: Զուգերգով Ղազար վրդ. Պետրոսեան եւ Ճոնի Կէօքճեան ներկայացուցին Ատամի «Հոլի նայթ», Պալարտի «Կատ պլես աս էվրիուան», Ուէյտի եւ Օքլիի «Ատեսթէ ֆիտելզ», Ֆելիսիանոյի «Ֆելիզ նաւիտատ» երգերը: Նշենք, որ թենորներուն դաշնակի վրայ նուագակցութեամբ ընկերակցեցաւ Օլկա Պոլունի:

Փակման խօսքը փոխանցեց Պէյրութի թեմի եւ Զմմառու կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան: Ան յայտնեց, որ Ս. Ծնունդը մեզի կը յիշեցնէ սիրոյ արարք մը, որ Աստուած ունեցաւ մարդկութեան հանդէպ: Աստուած մարդը այնքան սիրեց, որ ուզեց մարդանալ: Ծնունդը մեզի կը սորվեցնէ խոնարհութիւն, բնաւ չյուսահատիլ եւ ուրախ ըլլալ Յիսուս Քրիստոսով: Ծնունդը իր ճիշդ իմաստը կը ստանայ, երբ մենք կը սիրենք մեր եղբայրները, զանոնք կը յարգենք եւ կ՛ուրախացնենք: Մեր հոգիները պէտք է ըլլան փոքրիկներու պէս, որպէսզի ժառանգենք երկնքի արքայութիւնը: Ան յայտնեց, որ Ս. Ծնունդը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ աղքատներն ու հիւանդները:

Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան յայտնեց, որ մեզ համախմբողը այս ելոյթին Աստուծոյ սէրն է,  եւ այս տօնական օրերուն մեր նուէրը լման տարուան ընթացքին պէտք է ըլլայ իրարու յարգել, սիրել եւ օգնել: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց համերգի հովանաւոր տէր եւ տիկին ժաք Կիսոյի, Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Եղիա Ծ. վրդ. Եղիայեանին, վարժարանի ակադեմական մեծաւոր Նելլի Տէր Ղազարեանին եւ վարչական մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանին, համերգի մասնակից երկու թենորներուն` Ղազար վրդ. Պետրոսեանին եւ Ճոնի Կէօքճեանին, դաշնակահարներուն` Օլկա Պոլունիին ու Ժան Փիեռ Աստիկեանին եւ սրնգահար-տուտուկահար Գէորգ Քէշիշեանին:

Համերգի աւարտին Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան համերգի հովանաւոր ժաք Կիսօ ամոլին եւ երկու թենորներուն` Ղազար վրդ. Պետրոսեանին եւ Ճոնի Կէօքճեանին, իսկ ծաղկեփունջեր յանձնուեցան յայտագիրին մասնակից երաժիշտներուն:

Համերգը վերջ գտաւ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ Ճոնի Կէօքճեանի կատարողութեամբ «Կլորիա ին Էքսելիս տէօ» երգով:

(Ազդակ)








All the contents on this site are copyrighted ©.