2017-12-26 09:50:00

Նախագահի Նստավայրին մէջ երեխաներու յատկացուած տօնական ձեռնարկներ։


Նախագահի նստավայրին մէջ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ մեկնարկեցին երեխաներու համար կազմակերպուած տօնական ձեռնարկները, որուն կը մասնակցին շուրջ 1000 երեխաներ մայրաքաղաքէն, Հանրապետութեան մարզերէն եւ Արցախէն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիտա Սարգսեան ձեռնարկներու ծիրէն ներս այսօր առաւօտեան հիւրընկալեցին սահմանամերձ շարք մը համայնքներու երեխաներ: Տօներուն առթիւ Դեկտեմբեր 25-ին Նախագահի նստավայր պիտի այցելեն նաեւ առարկայական օղիմպիականներու («Կենգուրու», «Մեղու») մրցանակակիր, սահմանափակ կարողութիւններով (հաշմանդամ) եւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ երեխաներ:

Փոքրիկ հիւրերու ներկայութեամբ հանդիսաւորութեամբ լուսաւորուեցան նստավայրի տօնածառի լոյսերը, եւ մեկնարկեց տօնական ձեռնարկը: Հանրապետութեան նախագահը իր եւ տիկին Ռիտա Սարգսեանի անունէն ջերմօրէն շնորհաւորեց ձեռնարկի մասնակիցները ու բոլոր երեխաները Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթով։

Նախագահ Սարգսեան բարեմաղթանքներ յղելով մասնակցիներուն, յատկապէս ըսաւ․ «Կը ցանկանք, որպէսզի 2018 թուականին, այսինքն` Նոր տարուան մէջ, ձեր բոլոր երազանքները իրականան: ․․․ բայց բոլորդ պէտք է շատ յստակ գիտակցիք, որ ձեր երազանքներու իրականացումը կախուած է նաեւ ձեզմէ»:

Ան յորդորոց, ու երեխաները լաւ սորվին, աշխատին,եւ ձգտին, որպէսզի հասնին իրենց երազանքներուն։ Ան կաղանդ պապային անունով մաղթեց, որ մեր երեխաները ըլլան միշտ առոյգ, զուարթ, միշտ ժպտին  եւ որեւէ բանի կարիք չունենան:

Հանրապետութեան նախագահը խնդրեց երեխաներէն՝ Կաղանդ պապային եւ Ձիւնանուշի ներկայութեամբ հնչեցնեն իրենց ցանկութիւններն ու երազանքները:

Բաղրամեան 26-ի մէջ Ամանորի նախաշեմին երեխաներուն համար կազմակերպուող աւանդական դարձած տօնական ձեռնարկներու ծիրէն ներս վաղը` Դեկտեմբեր 26-ին, պիտի հիւրընկալուին նաեւ Հայաստանի Զինուած ուժերու զինծառայողներու, Արցախեան ազատամարտի, ինչպէս նաեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած, հաշմանդամ դարձած զինուորներու, Երկրապահ կամաւորական միութեան, ՀՀ ոստիկանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու ընտանիքներու երեխաներ եւ թոռնիկներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.