Տօնը՝ զոր կը յիշատակենք , սիրով եւ յոյսով կը լեցնէ հաւատացեալները: Ան կը խորհրդանշէ Աստուծոյ գերագոյն սէրը մարդոց հանդէպ: Տիրոջ խոստումը իր ժողովուրդը ազատելու՝ Իր միածին Որդին ղրկելով։ Անոր պարգեւը մարդկութեան , յո՛յս՝ յաւիտենական խաղաղութեան:
Յիսուս աշխարհ չեկաւ պերճանքով՝ թագաւորներու , հարուստներու եւ հզօրներու ուշադրութիւնը գրաւելու համար, այլ՝ խոնարհաբար ծնաւ մսուրի մը մէջ, շրջապատուած իր ծնողքներէն, որոնք պարզ մարդիկ էին, եւ կենդանիներով : Անոր զօրութիւնը իր պարզութեան եւ աղքատութեան մէջ կը կայանար : Յիսուս մեզի ցոյց տուաւ թէ Տէր Աստուած ո՛չ հզօրութիւն, ո՛չ հարստութիւն, ո՛չ ալ ոյժ կը փնտռէ , այլ՝ կը ցանկայ արդարութիւն, հաւատք, ներողամտութիւն եւ քաջասրտութիւն հաստատուած տեսնել՝ որպէսզի մարդիկ կարենան հանդուրժել կեանքի դժուարութիւններուն:
Իսկ մենք, ի՞նչ կը փնտռենք տօնական այս օրերուն : Միայն կերուխու՞մ եւ նուէրնե՞ր ստանալ, թէ՞ Յիսուսը մեր սրտերուն մէջ ընդունիլ: Մեզի կը մնայ որոշել ...։
Ըստ ստուգաբանական բառարանին , naï- veté եւ nativité բառերը նոյն լատիներէն արմատը ունին: Արդարեւ , Սուրբ Ծննդեան Տօնը պարզութեան ու խոնարհութեան պահ մըն է, որ կը թելադրէ անպաճոյճ ըլլալ՝ հաւատալու համար թէ ապագան պայծառ պիտի ըլլայ եւ առանց փոթորիկի: Երբեմն կը տարուինք մտածելու թէ այս բոլորը պարզամտութիւ՞ն է, թէ՞ պարզապէս յոյսի հայեացք մը եւ երջանկութեան իղձ մը, հանդերձ՝ առօրեայի անվստահութիւններուն: Այսօր, ապագային հանդէպ բաւարար ինքնավստահութիւն պէտք է ունենալ՝ մեր հարազատներուն շնորհաւոր տարի մը մաղթելու համար:
Սուրբ Ծնունդի եւ Ամանորի առթիւ, պայծառատեսութիւնը մեզի կը պարտադրէ նկատի առնել տնտեսական եւ ընկերային տագնապը, աշխատանք եւ կայուն վիճակ մը գտնելու դժուարութիւնները, յարաճուն աղքատութիւնը:
Այս Սուրբ Տօնին առթիւ, Աստուծմէ խնդրենք շնորհք , փրկութիւն մեր հոգիներուն, խաղաղութիւն չարիքներով, նախանձով եւ ատելութեամբ լի այս աշխարհին:
Աստուած մեզ ազատեց Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկելով եւ զոհելով։ Ան մեզ կանչեց յաւիտենական կեանքին: Մենք պարտաւոր ենք պատասխանել Անոր հրաւէրին՝ այս տօնակարութիւններուն առթիւ որդեգրելով Տիրոջ ճամբան, հնազանդելով Անոր խօսքերուն եւ փառաւորելով Անոր անունը մեր առօրեայ բոլոր գործունէութիւններուն ընթացքին: Մեր մէջ պէտք է վերածնի, Յիսուսի հետ, այն քրիստոնեայ մարդը որ գիտէ դիմագրաւել անարդարութիւնը , սխալները, Չարը, եւ որ կը փափաքի աճեցնել եղբայրական եւ հոգեւոր սէրը , փառաւորելով Աստուծոյ անունը որպէս տիեզերքի Արարիչ:
Որպէսզի այս հնարաւորութիւնը իրականութեան վերածուի, պարտինք պատասխանել սիրով մը՝ արժանի Աստուծոյ սիրոյն. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար , անվայել վարմունք չունենար , իրենը չի փնտռեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր , չարութիւն չի խորհիր» (1 Կոր 13, 4-5):
Իսկ տագնապը որ կ'ապրինք այսօր՝ հրաւէր մը չէ՞ արդեօք բարեփոխելու մեր վարմունքն ու ապրելակերպը: Որդեգրելու համերաշխ համակեցութեան ճանապարհը։
Թո՛ղ Սուրբ Ծնունդն ու Նոր Տարին մեզի բերեն խաղաղութիւն։ Ընտանեկան եւ ընկերային հաստատ կապերը թո՛ղ առաջնորդեն մեզ դէպի իսկական եղբայրութիւն:
Տէր, շնորհակալ ենք Սուրբ Ծննդեան հրաշալիքին: Կոյս Մարիամը մեզի պարգեւեց Աստուծոյ Որդին եւ թող ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը աշխարհի վրայ տիրեն յաւերժ։ Այսօր մենք վերածնինք մանուկ Յիսուսին հետ՝ Աստուծոյ մէջ:
Այսօր Յիսուս կը ցանէ Սէրը մեր մէջ եւ Աստղին լոյսը կը վերակենդանացնէ մեղքերով փճացած մեր կեանքը:
Թող Տէրը գթա՛ մեզի եւ մեզ չզրկէ՛ Իր առատաձեռնութենէն, համբերութենէն եւ մանաւանդ սէրէն:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս
Հայր Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան
All the contents on this site are copyrighted ©. |