2017-12-23 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Իսկական Ծնունդը տօնելու համար մտաբերենք նորածինի պարզութիւնը»։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 23 դեկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը, Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց խոկալ կարեւոր մէկ նշանի վրայ՝ այն է «նորածինին դիւրաբեկ պարզութիւնը»,  ուր՝ գրեց Սրբազան Քահանայապետը «ներկայ է Աստուած», դիտել տալով թէ այսպէսով է որ կարող ենք իսկապէս տօնախմբել Սուրբ Ծնունդը։

«Եթէ կ՛ուզենք տօնել իսկական Ծնունդը խոկանք հետեւեալ նշանի վրայ. Փոքրիկ նորածինի մը դիւրաբեկ պարզութիւնը։ Աստուած այնտեղ կը գտնուի» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.