2017-12-23 09:21:00

Փուչտեմոն. «Քաթալոնիոյ հանրապետութիւնը յաղթեց, Սպանական պետութիւնը պարտուեցաւ»


Քաթալոնիոյ պաշտօնազրկուած ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն յայտարարեց, որ շրջանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն մէջ սպանական պետութիւնը պարտութեան մատնուած է:

Պրիւքսել ապաստանած Փուչտեմոն ընտրութիւններուն արդիւնքը նկատեց «Քաթալան հանրապետութեան» համար յաղթանակ մը:

Անջատողական կուսակցութիւնները նոր խորհրդարանին մէջ չնչին եւ նուազած առաւելութիւն մը ապահոված են: Սպանիոյ մէջ Քաթալոնիոյ կիսաինքնավար կարգավիճակի պահպանման զօրակցող Քաղաքացիներու կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ մեծագոյն կուսակցութիւնն է:

Այժմ յստակ չէ, թէ կառավարութեան կազմութիւնը որո՛ւն պիտի վստահուի:

Սպանական կառավարութիւնը հոկտեմբերին Քաթալոնիոյ անկախութեան շուրջ տեղի ունեցած հանրաքուէէն ետք շրջանը առաւ իր ուղղակի իշխանութեան տակ եւ արտակարգ ընտրութիւններ հրաւիրեց:

«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ կը յուսար, որ ընտրութիւնները պիտի վերականգնեն կայունութիւնը, սակայն կը թուի, թէ Սպանիոյ քաղաքական ճգնաժամը պիտի շարունակուի: Վարչապետ Ռախոյի կուսակցութիւնը հինգշաբթի օր տեղի ունեցած ընտրութեան ընթացքին պատմութեան մէջ իր ամէնէն վատ արդիւնքը արձանագրեց: Ժողովրդային կուսակցութեան աթոռներուն թիւը 11-էն նուազեցաւ 3-ի:

Շրջանի անկախութեան զօրակցող Միասնաբար Քաթալոնիոյ համար, Քաթալոնիոյ հանրապետական ձախ եւ Ժողովրդային միութիւն կուսակցութիւնները պիտի ապահովեն խորհրդարանի 135 աթոռներէն 70-ը:

Նշենք, որ մասնակցութեան համեմատութիւնը 80 առ հարիւր էր:

Փուչտեմոն Պելճիքայէն պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին յայտնեց. «Ասիկա արդիւնք մըն է, որ ոչ ոք կրնայ վիճարկել»:

«Քաթալոնիոյ հանրապետութիւնը յաղթեց… Սպանական պետութիւնը պարտութեան մատնուեցաւ: Ռախոյ եւ անոր դաշնակիցները պարտութեան մատնուեցան», յայտարարեց ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.