2017-12-23 12:40:00

Հաղորդակցութեան քարտուղարութիւն - Սալեզեան միաբանութիւն պայմանագիրի ստորագրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապի կամքով ընթացք առած բարեկարգումի լոյսին տակ,Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան քարտուղարութեան ու Սալեզեան միաբանութեան միջեւ ստորագրուեցաւ՝  Վատիկանեան  տեղեկատուութեան ծիրէն ներս պայմանագիր մը։

Այս առթիւ Սուրբ Աթոռի կողմէ հրապարակուած  հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ վերոնշեալ պայմանագիրի ստորագրութեամբ Սալեզեան միաբանութիւնը Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան տրամադրութլան տակ պիտի դնէ Տոն Պոսքոյի խարիզմի սատարը՝  քարտուղարութեան մատուցած զանազան ծառայութիւններու ի նպաստ։ Պայմանագիրը որ ունի երեք տարուայ տեւողութիւն ստորագրուեցաւ Սալեազեան Միաբանութեան Մեծաւոր՝ Հայր Անճել Ֆերնանտէս Արթիմէի եւ Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան կառավարիչ՝ Գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանոյի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.