2017-12-23 09:33:00

Գերմանիոյ մէջ 26 դեկտեմբերը աղօթքի օր հալածուած Քրիստոնեաներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին օրը՝ 26 դեկտեմբերին, Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց դասը կազմակերպած է աղօթքի օր մը, հալածուած ու դժուարութեան մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն համար: Այդ օրը յատուկէն աղօթք պիտի  կատարուի,  մահմետական ահաբեկիչներու  թիրախ դարձած  Նիճերիոյ Քրիստոնեաներու  դիտաւորութեան։

Նշենք թէ 2003-ին հաստատուած,  26 դեկտեմբերին Գերմանիոյ մէջ նշուող աղօթքի օրը,  Գերմանացի կաթողիկէ հաւատացեալներուն առիթ կը հանդիսանայ խորացնելու գիտակցութիւնը հայող աշխարհի կարգ մը վայրերու մէջ ապրած քրիստոնեաներու կարիքներուն, անոնց տրամադրելու համար անհրաժեշտ օժանդակութիւններ, կապ հաստատելով եւ խորհրդակցելով տեղական եպիսկոպոսներուն հետ:

Անցեալ 29 նոյեմբերին. Նիճերիոյ Սոքոթօ թեմին եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Հասսան Քուքահ, գերմանացի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի յանձնախումբի նախագահին հետ քննարկած եւ տեղեկութիւններ ներկայացուցած է  Նիճերիոյ մէջ քրիստոնեաներուն ներկայ իրավիճակի մասին:    








All the contents on this site are copyrighted ©.