2017-12-23 08:40:00

«Տեղ չկար...» Իրեն համար - Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպս. Թեյրուզեանի Ծննդեան խորհրդածութիւնը:


Մինչդեռ ներկայ դարուս նիւթի պաշտամունքը կը ստրկացնէ տակաւ առ տակաւ մարդկային խիղճն ու արժանապատուութիւնը, Քրիստոսի Ծննդեան տօնը կու գայ վերստին թռիչք տալու հոգեկան արժէքներուն ու Իր Խորհուրդով ջերմացնելու մարդկային ցուրտ ու ամայի սրտերը:

Քրիստոսի Ծնունդը այն խոստումին իրականացումն է, որ Աստուած տուաւ թշուառ մարդկութեան՝ դրախտի տխուր բաժանումի սեմին:

Վտարուեցաւ մարդս դրախտէն, սակայն Արարիչը ժամադրութիւն մը կնքեց անոր հետ, որ պիտի կատարուէր բազմաթիւ դարեր ու սերունդներ ետք:

Դրախտին մէջ, Աստուած կը մերձենար մարդուն որպէս Արարիչ, սակայն օր մը պիտի գար իբրեւ Փրկիչ, փոքրիկ մանուկ դարձած, աւելի մօտէն ունկնդրելու եւ մասնակցելու անոր տառապանքներուն:

Պատերազմներով ու ահաբեկչութիւններով վրդոված այս աշխարհիս մէջ, այսօր ալ կը մանկանայ Աստուած, բերելով Իր ուրախութիւնը՝ միակ ճշմարիտ նուէրը, որ կը լիացնէ երջանկութեան ծարաւի մարդկութիւնը, փոխան տօնական օրերու հրապուրիչ նուէրներուն:

Այսօր եւս Բեթղեհէմի Մանուկը կը սփռէ Իր Լոյսը՝ անփոխարինելին, ու կը հրաւիրէ չբաւականանալ սոսկ ցայգալոյսի շռայլ հացկերոյթով, որ մոռացօնքի կ'ենթարկէ գերազանց կերակուրը, կենդանի հացը՝ Քրիստոսի Մարմինը, որ պիտի տայ «աշխարհի կեանքին համար» (Յովհ. 6, 52):

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի...». աստուածային խոյանքն է հոգեւոր վերածնունդի, թօթափելու ստրկութիւնը մեղքին ու նիւթապաշտութեան հմայքներուն, որոնք կ'արատաւորեն այդ Խորհուրդը անմեկին, զայն կը դատարկեն իր էութենէն, զրկելով մաքուր սրտերը Բեթղեհէմէն գալարող արարչական լոյսէն. « Ես եմ աշխարհի լոյսը. ով որ իմ ետեւէս գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ» (Յովհ. 8, 12):

Չքալել խաւարի մէջ, ճի'շտ այդ գրաւականն է մեզ սիրող, փնտռող, բժշկող, կեանք պարգեւող աստուածային Մանուկին, որ ամէն օր մեր խորաններուն վրայ կը ծնի վերստին, ու տապանակին մէջ մենաւոր՝ սիրոյ կարօտ կը սպասէ անձկագին:

Կ'ապրինք հեւասպառ ժխորի մը մէջ մտաւոր, որ կերտած ենք մեր իսկ ձեռքերով, ու կը լսենք անընդհատ դատարկախօս փիլիսոփաներ (Ֆէօրպախ), որոնց համար «մարդը իր կերածէն տարբերութիւն չունի»: Այս ժխորը, սակայն, կը թուի մարմրիլ այսօր ու շիջանիլ ի տես Բեթղեհէմի մսուրին, որովհետեւ կարելի չէ' մերձենալ ու շրջանցել այդ մսուրը անտարբեր, որ կը ներփակէ Մարդեղութեան Խորհուրդը Ս. Երրորդութեան երկրորդ Անձին, այսինքն՝ Աստուծոյ Որդւոյն մարմնացումը իբրեւ մարդ, որ Արարիչը ստեղծած էր Իր պատկերին նման (Ծննդ. 1, 27):

Ու մարդեղացած Աստուծոյ Որդին, Տիբերական ծովակի ափերուն, պիտի պատասխանէր օր մը զինք հարցապնդող ընդդիմադիր ամբոխին. «Ես եւ Հայրս մէկ ենք» (Յովհ. 10, 30):

Անանց խօսքեր, որոնք կը հեղձանեն Ս. Ծննդեան տօնը պարուրող առեւտրական բարքերը ու կը վսեմացնեն մարդկային ապիկար բնութիւնը՝ բարձրացնելով աստուածային անջրպետին, ուր ամէն ինչ սէր է. սէրը Աստուծոյ, որ «թշուառ մարդկութեան երազին զոհուած» (Սիպիլ), պիտի գոչէ խաչափայտի թեւերէն՝ «Ամէն ինչ կատարուած է» (Յովհ. 19, 30):

Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ... Քեզի', որ կը կարդաս այս տողերը ու կը նայիս անպաճոյճ մսուրին, ուր ծնաւ Քրիստոս, Աստուծոյ Որդին, որովհետեւ «Տեղ չկար իջեւանին մէջ» (Ղուկ. 2, 7) Իրեն համար, որ պիտի խոստանար համօրէն մարդկութեան՝ «Որբ պիտի չթողում ձեզ» (Յովհ. 14, 18).

Տեղ չկար... Իրեն համար, որ եկած էր, որպէսզի մարդիկ «Կեանք ունենան եւ առատօրէ'ն ունենան» (Յովհ. 10, 10).

Տեղ չկար... Իրեն համար, որ եկած էր իր Հօր դիմագիծը ցոյց տալու. «Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայրն ալ տեսաւ» (Յովհ. 14, 9).

Տեղ չկար... Իրեն համար, որ եկած էր իր խաղաղութիւնը պարգեւելու մարդկութեան. «Իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» (Յովհ. 14, 27).

Տեղ չկար... Իրեն համար, բայց այդուհանդերձ հրաւիրեց, որ «Եթէ մէկը ծարաւի է՝ ինծի թող գայ» (Յովհ. 7, 37).

Տեղ չկար իջեւանին մէջ Իրեն համար, որ պիտի յորդորէր շարունակ՝ «Բախեցէք եւ բացցի ձեզ» (Մտթ. 7, 7 եւ Ղուկ.11, 9):

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի...». կրկին կը ծովանան երկու հազար տարիներ, ու կը շրջի տունէ տուն Մանուկն Յիսուս այս գիշեր: Սէր կը փնտռէ ամէնուր, սրտեր սիրով սրարբած, ուր կարենայ Ինք ծնիլ՝ որպէս Փրկիչ եւ Աստուած:

Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ...

 

Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպս Թեյրուզեան 

Փարիզի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ 








All the contents on this site are copyrighted ©.