2017-12-22 08:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Ծննդեան Տօնին առթիւ նախագահած արարողութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Համայն կաթողիկէ աշխարհը կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն տօնախմբել մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնը։ Այդ անհուն սիրոյ ու նուիրումի արտայայտութիւնը որով Աստուած ուզեց աւելիով մօտենալ մարդուն ու անոր շնորհել Փրկութեան նոր առիթ։ Յիսուսի գալուստը աշխարհ քրիստոնեաներուս համար նշան է ամենամեծ յոյսին, մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Աստուած, կը մարդեղանայ, մարդկային կերպարանք կը ստանձնէ, կը նուաստանայ, կը չարչարուի ու կը մեռնի մեր մեղքերու թողութեան համար, ապա իր Յարութեամբ մեզի կը շնորհէ փրկութիւնը՝ յաւիտենական կեանքը։

Սուրբ Ծննդեան տօնական օրերուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, կիրակի 24 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 9.30-ին,   Յիսուսի  ծննդեան տօնի նախօրեակին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Յիսուսի Ծննդեան Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագը։  Ապա երկուշաբթի 25 դեկտեմբերին Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան Տօնին օրը,՝ կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն  համայն աշխարհին կ՛ուղղէ իր պատգամը եւ կը շնորհէ ՝՝Ուրպի Էթ Օրպի` Հռոմի ու Համայն աշխարհին՝՝ ուղղուած առաքելական օրհնութիւնը ։

Կիրակի 31 դեկտեմբեր 2017-ին, Սուրբ Կոյս Մարիամի Աստուածամօր տօնին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, յետմիջօրէին ժամը 5-ին, կը նախագահէ ժամասացութեան արարողութիւնն ու գոհաբանական աղօթքը որուն առթիւ տեղի կ՛ունենայ նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդական երկրպագութիւնն ու Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը եւ երկրորդ օրը՝ 2018 տարուայ առաջին օրը, Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան 10-ին Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։ Այդ օր կը նշուի նաեւ  խաղաղութեան համաշխարհային օրը, որուն առթիւ Սրբազան Հայրը հրապարակեց իր տարեկան պատգամը՝ որպէս նիւթ ընտրելով «գաղթականներ ու փախստականներ՝ խաղաղութիւն որոնող մարդիկ ու կիներ»

6 յունուար 2018-ին, Յիսուսի Յայտնութեան տօնն է, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.