2017-12-22 08:17:00

Կարդինալ Վինսընթ Նիքոլսի նամակը Երուսաղէմի պատրիարքներուն եւ Եկեղեցական պետերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուեսթմինսթըրի Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Վինսընթ Նիքոլս, նախագահ Անգլիոյ եւ Ուեյլսի եպիսկոպոսական ժողովին, նամակ մը յղած է Երուսաղէմի պատրիարքներուն եւ Եկեղեցական պետերուն, ուր կը գրէ՝ «հետեւելով դեկտեմբեր 6ի ձեր նամակին՝ ուղղուած նախագահ Տոնալտ Թրամփին, Անգլիոյ եւ Ուեյլսի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու անունով, կʼուզեմ յայտնել իմ զօրակցութիւնս ձեզի եւ Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն՝ մտահոգիչ այս պահերու ընթացքին։»

«Համաձայն չենք նախագահ Թրամփին, որ կʼուզէ Երուսաղէմը ճանչնալ իբր մայրաքաղաք Իսրայէլի պետութեան, մերժելով ՄԱԿի հետեւողական կեցուածքը։ Վախն ունինք, որ քաղաքին եւ տարածաշրջանի արդէն իսկ խորապէս արմատացած լարուածութիւնը աճի։» Կարդինալ Նիքոլս նաեւ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Իսրայէլի խորհրդարանի քննարկած օրէնքին շուրջ, որ պիտի սահմանափակէ Եկեղեցւոյ ազատ որոշումը՝ իր կալուածներու նկատմամբ։ Օրէնքի այդ նախագիծը պետութեան պիտի տար իշխանութիւն՝ բռնագրաւելու Եկեղեցւոյ կալուածները։ Սա «անհանդուրժելի բռնութիւն մը պիտի ըլլար իրավիճակի եւ Եկեղեցւոյ օրինաւոր իրաւունքներուն, եւ պէտք է ճանչնալ այնպէս ինչպէս որ է՝ այսիքն յարձակում մը քրիստոնեայ համայնքի սեփականութեան օրէնքին վրայ։

Ծիրանաւորը վերջապէս կը հրաւիրէ Միացեալ Թագաւորութեան կրօնապետերը եւ քաղաքական մարդիկ եւ ամբողջ աշխարհ, որ «միանան մեզի՝ խօսելու կրօնական ազատութեան այս սպառնալիքին դիմաց, որ պիտի ներկայացնէ վտանգաւոր նախընթաց մը Սուրբ Երկրի այլ կրօնքներուն համար։ Կը խնդրենք նաեւ Երուսաղէմի իշխանութիւններէն, որ գործեն որոշակի կերպով՝ կանգնեցնել եկւոր արմատական խմբակներու արարքները, որոնք կը փորձեն տարածել իրենց իշխանութիւնը Երուսաղէմի կալուածներուն վրայ՝ քաղաքէն վտարելով ոչ հրեայ բնակիչները։»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.