2017-12-22 13:30:00

«Ծնունդը ձերբազատենք աշխարհիկ երեւոյթներէն» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ծնունդը ձերբազատենք՝ զայն առեւանգող աշխարհիկութենէն։  Ծննդեան իսկական հոգին Աստուծմէ սիրուած ըլլալուն գեղեցկութիւնն է»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին՝ ուրբաթ 22 դեկտեմբերին հրապարակած մէկ թուիթին մէջ, ուր մատնանշելով Սուրբ Ծննդեան իսկական իմաստին, որով կը բացայայտուի Աստուծոյ անհուն սէրը մարդկութեան, Նորին Սրբութիւնը հը հրաւիրէ խուսափիլ աշխարհիկ երեւոյթներէն,  որոնք կորսնցնել տուին տօնին իսկական ու խոր իմաստը։

Հռոմի Քուրիայի անդամներուն արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հաստատած էր, թէ «Ծնունդը տօնն է այն հաւատքին զոր ունինք Աստուծոյ Որդւոյն հանդէպ, որ մարդեղացաւ՝ մարդուն վերադարձնելու համար անոր որդիական արժանապատուութիւնը, որ կորսնցուց մեղքի ու անհնազանդութեան պատճառաւ։ Ծնունդը տօնն է հաւատքին, այն սրտերուն՝ որոնք կը դառնան մսուրներ, ընկալելու համար Զինք»։








All the contents on this site are copyrighted ©.