2017-12-21 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 21 դեկտեմբերի քարոզը՝ իսկական ուրախութեան մասին


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 21 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթաի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած  Քարոզին առանցքը եղաւ հրաւէր՝ միշտ ուրախ ըլլալու,  դիտել տալով որ  յոռետեսութիւնը Քրիստոնէական ապրելակերպ մը չէ։

Նորին Սրբութիւնը  քարոզին մէջ  յորդորեց ուրախ անձերու դէմքեր  ունենալ՝ որոնք իրենք զիրենք  ներուած կը զգան,  զգուշացնելով յուղարկաւորութեան մասնակցող մարդոց տխուր դէմքեր ունենալէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ այս խօսքերը արտասանեց մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի այն խոր ուրախութեան մասին,  որ ներսէն կը բխի եւ ոչ թէ տօներու պատճառած հրճուանքէն։  

Ան  խօսքը կեդրոնացնելով իսկական ուրախութեան վրայ, դիտել տուաւ որ այդ ուրախութիւնը կը ծնի ներում ստանալէն. «Տէրը ջնջեց քու վճիռդ» ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա հրաւիրեց հրճուիլ, զգուշացնելով գաղջ կենաք մը ապրելէ. «Որովհետեւ» ըսաւ Ան «բոլորս ներուած ենք»։

Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց միշտ ուրախ ըլլալ որովհետեւ Տէրը մեր հետ կը քալէ. Մեր մէջ կը գտնուի, մեր դժուարութիւններուն, մեր ուրախութիւններուն  մէջ: Աստուած ներումի Աստուած է, ըսաւ Քահանայապետը, ապա յորդորեց խուսափիլ յոռետեսութիւնէն, որովհետեւ Ան կը ծնի արմատէ մը որ  գիտակից չէ թէ ներուած է, ծիլէ մը որ երբեք չէ փորձարկած Աստուծոյ քնքշութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Աւետարանի ուրախութեան ու Սուրբ Հոգիի ներգործութեան, որ մեզ կը մղէ միշտ յառաջ ընդանալու, քամիի նման որ կը բջէ առագաստանաւը յառաջ տանելով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.