2017-12-21 10:30:00

Քաղդէացիներու Պատրիարք Ռաֆայէլ Սաքոյի Ծննդեան պատգամը, աղօթել ու աջակցիլ Երուսաղէմին


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, Քաղդէացիներու Լուիս Սաքօ Պատրիարքը յղած է պատգամ մը, որուն մէջ  Իրաքի քրիստոնեաները հրաւիրած է աջակցութիւն ցուցաբերելու Պաղեստինցի ժողովուրդին, որ 70 տարիէ ի վեր կը տառապի «անարդարութիւններուն եւ տեղահանութեան պատճառաւ» -յայտնած է Ան,  ապա խնդրած է աղօթել Երուսաղէմին համար. որպէսզին անիկա միշտ Սուրբ երկիր մնայ ըլլայ Քրիստոնեաներուն, ըլլայ մահմետականներուն եւ ըլլայ Հրէաներուն համար:

Պատրիարքը ապա անդրադարձած է Իրաք երկրին, որ դեռ նոր ձերբազատուած է Մահմետական ծայրայեղ խմբաւորումներու սպռնաիքներէն, մաղթելով որ շուտով վերանորոգուին մարդոց   բնակարաններն ու քաղաքները, այս մէկը նկատելով  դիմագրաւելիք  մեծ մարտահրաւէր  մը  որ  պէտք է յաղթահարել, հասնելու համար նոր փուլի մը՝  հիմնուած հիմնական սկզբունքներուն վրայ:

Պատրիարքը  Ծննդեան իր պատգամին մէջ  յիշելով անցեալին՝ ծայրայեղ մահմետականներու կողմէ Քրիստոնեաներուն դէմ կատարուած հալածանքներն ու սպառնանքները, դիտել   տուած  է որ  այս մէկը պատճառ դարձաւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն թիւին նուազեցման ու այս առնչութեամբ կոչ ուղղած է Իրաքի կառավարութան որ աշխատանք տանի որպէսզի « Քրիստոնեաները իրենց երկիրը վերադառնան՛  

Ան ապա քաջալերանքի խօսք ուղղած է Իրաքի քրիստոնեաներուն,  որպէսզի  անոնք միշտ քաջ գտնուին թօթափելով  իրենց վրայէն  վախերն ու անձկութիւնները   ինչպէս նաեւ իրենց անձնական շահերը , որոնք անցեալին մէջ պատճառած են անթիւ բաժանումներ։

Պատրիարքը ապա  առաջնահերթ նկատեց   անեըալին հարցերը լուծել  խաղաղութեամբ եւ երկխօսութեան միջոցաւ,  յատկապէս Քրտական մարզի հարցերը եւ ի վերջոյ խօսքը ուղղելով Իրաքի եկեղեցւոյ,  խնդրեց կարդալ ժամանակին նշանները եւ ընդառաջել Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքներուն ու յորդորներուն ուղղուած քրիստոնեաներուն,  այն է «ներթափանցել  հոգեւոր իրողութեան մէջ հրաժարելով  իշխանութեան ու դրամի ձգտումէն»:   








All the contents on this site are copyrighted ©.