2017-12-21 13:05:00

Ս. Ծննդեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Վատիկանի պաշտօնեաներուն հետ։


 (Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 21 դեկտեմբեր 2017-ի կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ-ի անուան դահլիճին մէջ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին, յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց,։ Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու մէջ աշխատող պաշտօնեաներուն. այս առթիւ անոնց ուղղեց անպատրաստից սրտաբուխ խօսք մը՝ որուն սկիզբը ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել անոնց մեծ նուիրումով ու յանձնառութեամբ տարած աշխատանքին համար։ «Ես վստահ եմ որ առանց ձեր աշխատանքին Վատիկանը եւ Սուրբ Աթոռը ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը յառաջ չէր ընթանար» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «ներկաները մաս կը կազմեն Եկեղեցւոյ ցանցին որ յառաջ կը տանի առաքելութիւնը»։

«Իսկապէս շնորհակալ եմ ձեր աշխատանքին համար» ըսաւ Քահանայապետը ապա ակնարկեց վատիկանի մէջ աշխատանքի հարցին,  յատկապէս մատնանշելով  ժամանակաւոր ու անապահով աշխատանքին, դիտել տալով թէ ինք հրահանք տուած է որ սեւ կամ անօրէն աշխատանք չկատարուի Վատիկանի մէջ։ «Ես սեւ աշխատանք չեմ ուզեր Վատիկանի մէջ, ինչպէս նաեւ չեմ ուզեր որ ոչ ոք առանց աշխատանքի մնայ, նոյնիսկ անոնք որոնք ստիպուած են հեռանալ վատիկանի աշխատանքէն» ըսաւ Քահանայապետը  ու « ներողութիւն խնդրեց այս ծիրէն ներս տեղի ունեցած անարդարութիւններուն համար»   ապա նշեց թէ այս մէկը իրեն համար խղճի հարց է, որովհետեւ կարելի չէ քարոզել իրականութիւն մը ու գործել այս իրականութեան հակառակ։ Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  հրաւիրեց բոլոր պաշտօնեաները որ համագործակցին ու այդ հարցերուն լուծում գտնեն, ապա մատնանշեց աշխատազրկութեան հարցին որ «անէծք մըն է» յարեց Ան, դարձեալ հաստատելով թէ աշխատանքը մարդուն կու տայ արժանապատուութիւն ու աշխատանքի ապահովութիւնը աւելիով կ՛ամրապնդէ այդ արժանապատուութիւնը, դիտել տուաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ աշխատանքի պակասի հարցը համաշխարհային հարց դարձած է։

Երկրորդ բառը որուն մասին կ՛ուզեմ անդրադառնալ՝ ընտանիքն է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով նաեւ ընտանիքի մէջ տագնապներուն ու հրաւէր ուղղեց տագնապի պարագային, դիմելու անոնց որոնք կարող են օժանդակել հարցերու լուծումին։ Պահպանեցէք ընտանիքները, յորդորեց Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով ամուսնալուծուած ու բաժանուած ընտանիքներուն ու դիտել տալով թէ այդ մէկը իրեն մեծ ցաւ կը պատճառէ. ապա մատնանշեց մանուկներուն ու ընտանիքի տագնապի պարագային անոնց ապրած դժուարութիւններուն ու ցաւերուն։  

Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ հուսկ՝  երրորդ բառի մասին որ է ՝ «չարախօսութիւնը» ։ Չարախօսը  ահաբեկիչ մըն է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց խուսափիլ չարախօսութիւններէ,  ապա ակնարկեց չորրորդ բառի մը ՝ «ներողութիւն». «Մենք եկեղեցականներս  որ պէտք է բարի օրինակ ըլլանք, դժբախտաբար յաճախ բարի օրինակ չենք հանդիսանար» ըսաւ Քահանայապետը ու ներողութիւնը խնդրեց այդ չար օրինակներուն համար։ «Ես ալ ներողութիւն կը խնդրեմ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, «գէշ օրինակներուս համար» ։

Վերջին բառը «Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդի մաղթանքն է» – ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց Սուրբ Ծնունդի տօնին առթիւ մաքրութիւն ընել նաեւ ներքնապէս, դիմել խոստովանահայրին ու մեր մեղքերուն համար թողութիւն հայցել։

Ձեզի կը մաղթեմ Բարի Ծնունդ լի ուրախութեամբ, ուրախութիւն մը որ կու գայ սրտէն, ըսաւ Քահանայապետը, յատուկէն յիշելով նաեւ հիւանդները, ապա բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնը ու դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տարած աշխատանքի համար ու նախ քան իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելը հրաւիրեց միասին աղօթել «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը։

Ձեզ օրհնէ Աստուած՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաժեշտ առաւ ներկաներէն խնդրելով որ «չմոռնան աղօթել իրեն համար»։








All the contents on this site are copyrighted ©.