2017-12-21 11:49:00

Ս. Ծննդեան առթիւ Քահանայապետին հանդիպումը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ. «Կանչուած ենք ծառայելու»։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 21 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա սրահին մէջ, սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւններու փոխանակման առթիւ, ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի Քուրիայի վատիկանեան վերին իշխանութեան անդամներուն, անոնց փոխանցելով Սուրբ Ծննդեան ու ամանորի բարեմաղթութիւնները։ Այս առթիւ անոնց ուղղած երկարաշունչ պատգամին սկիզբը, Սրբազան Քահանայապետը, յայտնեց թէ  «Ծնունդը տօնն է այն հաւատքին զոր ունինք Աստուծոյ Որդոյն հանդէպ  որ մարդեղացաւ՝ մարդուն վերադարձնելու համար անոր որդիական արժանապատուութիւնը, որ կորսնցուց  մեղքի ու անհնազանդութեան պատճառաւ։ Ծնունդը տօնն է հաւատքին, այն սրտերուն՝ որոնք կը դառնան մսուրներ, ընկալելու համար Զինք» - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մաղթեց որ Սուրբ Ծնունդի տօնը «բանայ մեր աչքերը որպէսզի հրաժարինք սին, չար ու կեղծ բաներէ ու տեսնենք էականը, ճշմարիտը, լաւն ու վաւերականը» Ան ապա նշեց թէ այս տարի կ՛ուզէ խօսիլ Հռոմի Քուրիայի՝ Պետութիւններու, տեղական եկեղեցիներու, արեւելեան եկեղեցիներու, համամիութենական երկխօսութեան, մահմետական ու հրէական ու այլ կրօններու հետ յարաբերութիւններու մասին։ «Մէկ բառով դուրսի աշխարհի հետ յարաբերութիւններու մասին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  դիտել տալով թէ այս մէկը պիտի ընէ «գործընթացի մէջ գտնուող բարեկարգումներու ներկայ համակարգի ծիրէն ներս»։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց ապա թէ բարեկարգումները կը պահանջեն նուիրում ու  համբերութիւն մատնանշելով Քուրիայի առաքելութեան որ ըլլալու է բաց՝ դէպի դուրս ու ծառայական, նման «սարկաւագի» ծառայութեան որ պէտք է յատկանշէ անոնք որոնք կը գործեն Հռոմի Քուրիայի մէջ, յանուն Քահանայապետին, որուն պարտականութիւնն է գործել ի սպաս եկեղեցւոյ բարիքին ու անոր ծառայութեան։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա «սարկաւագութեան» դերակատարութեան որ է ըլլալ «Եպիսկոպոսին ականջն ու բերանը, անոր սիրտն ու հոգին» տրուած ըլլալով որ սարկաւագը եկեղեցւոյ ծառայութեան պահապանն է։ «Աչքը կը նայի նկարները փոխանցելու համար մտքին ու օգնելու որ ան որոշումներ առնէ ի նպաստ բոլոր մարմնի բարիքին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ այս պէտք է ըլլայ նաեւ դերակատարութիւնը անոնց որոնք կը գործեն Հռոմի Քուրիայի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա եկեղեցական կառոյցներու մէջ ներթափանցած «ինքնահաւանութեան» ախտին որ յառաջ կու գայ, ըսաւ Ան, երբ կը կորսնցնենք Աւետարանի ուրախութիւնը ու Քրիստոսի հետ հաղորդութիւնը, ապա մատնանշեց այն անձերուն որոնք կը դաւաճանեն Եկեղեցւոյ մայրական վստահութիւնը, յատկապէս անոնց որոնց կը յանձնուի «բարեփոխումներու» պարտականութիւնը եւ որ  թոյլ կու տան որ ինքնահաւանութիւն ու կամայականութիւնը զանոնք փճացնէ. ապա երբ կը հեռացուին իրենց պաշտօններէն իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս «համակարգի նահատակներ», փոխանակ «զղջումի ներգործութիւնը» արտասանելու, յարեց Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց «Ասոնց կողքին կան նաեւ անձեր՝ որոնց առիթ տրուած է շտկելու իրենց ընթացքը, ապա անձինք, որոնք մեծամասնութիւն կը կազմեն, եւ որոնք կը գործեն գնահատելի յանձնառումով, հաւատարմութեամբ ու նուիրումով։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Քուրիայի առաքելութեան՝  յատկապէս անդրադառնալով Քուրիայի՝ ազգերու հետ, տեղական եկեղեցիներու հետ, արեւելեան եկեղեցիներուն հետ ու այլ քրիստոնեայ եւ տարբեր կրօններու հետ ունեցած յարաբերութիւններուն։

Քուրիան ու անոր յարաբերութիւնները Պետութիւններու հետ։

Այս ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց Վատիկանեան դիւանագիտութեան հիմնական դերը, որով Սուրբ Աթոռը կը ձգտի դառնալ  կամուրջ, ազգերու հետ երկխօսութիւն ու խաղաղութիւն կառուցող։  Եւ ըլլալով մարդկութեան ծառայութեան յատկացուած դիւանագիտութիւն մը, ան յանձնառու է նաեւ ունկնդրելու, հասկնալու եւ օգնելու ու անմիջապէս միջամտելու՝ մօտեցնելու համար հեռաւորութիւնները - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ  «Վատիկանեան դիւանագիտութեան միակ շահագրգռութիւնը այն է՝ ըլլալ ազատ, աշխարհի եւ նիւթական որեւէ շահէ» ինչպէս նաեւ համագործակցիլ բոլոր ազգերու պատկան անձանց հետ ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդկանց հետ, վերահաստատելու համար մեր հասարակաց տան պահպանումի կարեւորութիւնը ու շեշտելու՝ թէ պատերազմները կը յառաջացնեն միայն մահ ու կործանում։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա վատիկանեան դիւանագիտութեան գործունէութեան, հանդիպումներուն, առաքելական ճամբորդութիւններուն ինչպէս նաեւ Պետական Քարտուղարութեան ծիրէն ներս նորաստեղծ «երրորդ բաժանմունքին» որուն պարտականութիւնն է՝ բացայայտել Քահանայապետին ու Պետական քարտուղարութեան  մօտիկութիւնը՝ դիւանագիտական ասպարեզէն ներս գործող բոլոր անձնաւորութիւններուն։

«Վատիկանի դիւանագիտական անձնակազմը ունի երկու ծաւալ՝ Հովուական ու դիւանագիտական, ի ծառայութիւն եկեղեցիներու ու ազգերու» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու անդրադարձաւ Հռոմի Քուրիայի ու տեղական եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութեան։

Հռոմի Քուրիայի ու տեղական եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնը։

«Հռոմի Քուրիան աջակցելու է տեղական եկեղեցիներուն որպէսզի միասնաբար ծառայեն եկեղեցւոյ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով այս ծիրէն ներս «Եպիսկոպոսներու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին տուած կանոնական այցելութիւններուն» որոնք փոխադարձ հարստութեան առիթ են, ըսաւ Ան, ապա յատուկ կերպով ուզեց մատնանշել յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին՝ նուիրուած Երիտասարդներուն, որուն առթիւ հարկաւոր է «մենք մեզ հարցադրել թէ ինչպէս կարելի է առաջնորդել երիտասարդները, որպէսզի անոնք ճանչնան եւ ընդունին սիրոյ հրաւէրը ապա երիտասարդներէն խնդրել որ օգնեն եկեղեցւոյ՝ բացայայտելու համար Բարի Լուրը փոխանցելու պատշաճ եւ արդիւնաւէտ ուղիներ»։

Հռոմի Քուրիան եւ Արեւելեան Եկեղեցիները։

«Միութիւնն ու հաղորդութիւնը որոնք կը յատկանշեն Հռոմի Եկեղեցւոյ ու Արեւելեան Եկեղեցիներու յարաբերութիւնը կը ներկայացնեն համայն եկեղեցւոյ համար զանազանութիւններու ու տարբերութիւններու միջեւ հարստութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով այդ եկեղեցիներու իւրայատկութիւններուն ու դարձեալ շեշտը դնելով «սարկաւագութեան» վրայ,  որ պէտք է յատկանշէ վերոնշեալ յարաբերութիւնները, ապա մատնանշեց Արեւելիքի Եկեղեցիներու հարստութիւններուն ինչպէս նաեւ այդ եկեղեցիներու հաւատացեալներու «հերոսական վկայութեան» որոնք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կը բիւրեղացնեն Եկեղեցին, ընդունելով նաեւ մարտիրոսութիւնը ու իրենց կեանքը նուիրելով՝ Քրիստոսը չուրանալուն համար։

Հռոմի Քուրիան եւ համամիութենական երկխօսութիւնը։

«Քրիստոնեաներու միջեւ միութիւնը մեր հաւատքի հիմնական պահանջքն է» ըսաւ  Քահանայապետը դիտել տալով թէ «միութիւնը կարելի է միայն միասին ընթանալով ու թէ աստուածաբանական կամ եկեղեցաբանական հակասութիւնները կարելի է շրջանցել միայն եթէ շարունակենք քալել համամիութենական երկխօսութեան ուղիին վրայէն, անսալով Սուրբ Հոգիի ձայնին»։ Հռոմի Քուրիան եւս այս ուղղութեամբ կը գործէ՝ խթանելու համար հանդիպումը եղբօր հետ ու հակազդելու ուրիշի նկատմամբ նախապաշարումներն ու վախերը, որոնք արգելք հանդիսացան տեսնելու տարբերութիւններու մէջ հարստութիւնը, յարեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով հուսկ Հռոմի Քուրիայի՝  հրէականութեան, մահմետականութեան եւ այլ կրօններու հետ յարաբերութեան։

Մեկնելով Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի ուսուցումէն, Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը որ պէտք է ունենայ հիմնական երեք ուղղութիւններ, ըսաւ Ան, «ինքնութեան պարտաւորութիւնը, այլախոհութեան քաջութիւնը ու մտադրութիւններու անկեղծութիւնը»   հրաւէր ուղղելով այդ երեք ուղղութիւններու հիման վրայ շարունակելու միջկրօնական երկխօսութեան ընթացքը։

Ֆրանչիսկոոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ իր պատգամը աւարտեց, շեշտը դնելով հաւատքի վրայ ու հաստատելով թէ «հաւատքը կարող է մեզ խանդավառել միայն երբ ան կը ներգրաւէ սրտերը, հոգին ու մեր ամբողջ էութիւնը  ու երբ թոյլ կու տայ Աստուծոյ, ծնելու՝ մեր սրտի մսուրին մէջ, երբ Բեթղեհէմի աստղին թոյլ կու տանք որ մեզ առաջնորդէ դէպի վայրը՝ ուր ծնունդ կ՛առնէ Աստուծոյ Որդին, ոչ թէ թագաւորութեան ու շքեղութեան մէջ, այլ աղքատներու ու խոնարհներու միջեւ» - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու նորոգեց Ս. Ծննդեան տօնի բարեմաղթութիւնները բոլոր ներկաներուն ու անոնց սիրելիներուն։

Հռոմի Քուրիայի անդամներուն ուղղած պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը բոլոր ներկաներուն նուիրեց «Կ՛ուզեմ զԱստուած տեսնել» վերտառութեամբ գրքոյկը ինչպէս նաեւ Կարդինալ Փիաչենցայի « Ներումի տօնախմբութիւն» վերտառութեամբ գիրքը, ապա  շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրեց որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.